ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆԸ

Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին աւանդական արարողութիւններ տեղի ունեցան՝ տարեկան անուան տօնախմբութեան առթիւ։ Այսպէս, Վոսփորի Ասիական ափի մեր այս գողտրիկ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 185-րդ տարեդարձը նշուեցաւ այս տարուան արտասովոր պայմաններուն ներքեւ։ Արդարեւ, քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով տօնակատարութիւնները տեղի ունեցան դռնփակ։

Շաբաթ առաւօտ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Խոր վիրապէ ելքի տօնին առթիւ Գուզկունճուքի մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ ձեռամբ՝ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեանի։ Ս. Սեղանին սպասարկեց Տ. Վահրամ Սրկ. Լիւլէճեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Կամաւոր դպիրներու կողմէ։

Իսկ երէկ տէր հայրը դարձեալ պատարագեց Գուզկունճուքի մէջ՝ այս անգամ եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան առթիւ։

Դարձեալ Տ. Վահրամ Սրկ. Լիւլէճեան սպասարկեց Ս. Սեղանին եւ Ուխտաւոր դպիրները կատարեցին հոգեզմայլ երգեցողութիւններ։ Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանք՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի անսասանութեան եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի կենաց արեւշատութեան համար։ Բաց աստի, տեղի ունեցաւ մատաղօրհնութիւն եւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ պատմական այս եկեղեցւոյ սատարողաց համար։

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2020