«ՃԱՇԸ ՊԱՏՐԱՍՏ Է…»
Պոլիսէ այնքան հեռու Նիւ Եորք քաղաքին մէջ, երբ պահ մը կը թղթատէի պոլսահայ կեանքի մասին որոշ իրադարձութիւններ, առաջին հերթին տեսայ համայնքային շրջանակներու ծանօթ նուիրեալ սպասաւորներէն օր. Նուարդ Յակոբեանի մահուան լուրը։ Տարիքով ծեր սակայն հոգիով միշտ աշխոյժ սպասաւորի մը մահն էր սա, որ վստահաբար իրեն այնքան հարազատ մանուկներու եւ յատկապէս Գնալը կղզիի մօտ ցաւ պիտի յառաջացնէր։ Ի՞նչ կարելի էր ըսել իր մասին։ Այնքան նուիրեալ ծառայութեամբ եւ հանդէպ մանկանց անշահախնդիր սիրով լի կեանք մը ինչպէ՞ս կարելի էր ներկայացնել։ Կամ ո՞ր բառերով կարելի էր բնութագրել իր յանուր կեանքի ծառայակամ նշանաբանը։ Կը մտածեմ, թէ Սուրբգրային հատուած մը լաւագոյնս կրնայ համապատասխանել այս փնտռտուքին եւ կրնայ պատկերացնել օր. Նուարդէն մեզի աւանդուած մեծագոյն յիշողութիւնը. «Եկէ՛ք, վասն զի արդէն ամէն բան պատրաստ է» (Ղկս. 14.17)։
Տէր Յիսուս Քրիստոսին, մեծ խրախճանքի առակին մէջ կ՚անցնի այս բաժինը, որով Տէրը իր սպասաւորը կ՚ուղարկէ շրջանէ շրջան, որպէսզի հրաւէր ուղղէ բոլոր ազնուական հրաւիրեալներուն։ Առակին մէջ եւս կը տեսնուի, թէ այս հրաւէրին ամենէն վերջ արժանաւորները կը դառնան քաղաքի կարիքաւոր անձերը, որոնք պիտի չմերժէին Տիրոջ հրաւէրը եւ մեծ սիրով պիտի մասնակցէին մեծ խրախճանքին։ Օր. Նուարդին հետ լաւագոյնս կը պատշաճի այս հատուածը, յատկապէս քաղաքի կարիքաւոր անձերու, այսինքն կազդուրման կարիքը զգացած համայնքիս զաւակներուն ուղղեալ իր հրաւէրը. «Ճաշը պատրաստ է, ճաշը պատրաստ է…»։ Կարիքաւոր ըլլալը ամօթ չէ, յատկապէս այս յարկէն ներս, եւ ընդհակառակը շատ ատեններ առաւելութիւն։ Մեր պարագային, հրաւէրը միշտ կու գայ երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի հիմնադրած Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանէն եւ որպէս սպասարկու այդտեղ տասնեակ տարիներ ներկայ եղած է օր. Նուարդը։
Գնալը կղզիի մէջ ամրան շրջանին չկայ օր մը, որ Կազդուրման կայանը բաց ըլլայ եւ օր. Նուարդին «Ճաշը պատրաստ է» հրաւէրը չտարածուի կայանին մէջ եւ չհասնի մինչեւ եկեղեցի։ Ինչպէս որ եկեղեցւոյ զանգակը երբ կը ղօղանջէ, արարողութեան սկիզբի մասին հրաւէրը կը տարածուի եկեղեցւոյ շրջակայքին, նոյնպէս ալ օր. Նուարդին ձայնը դարձած է մանուկները ճաշելու հրաւիրող կոչնակին։ Ձայն մը, որուն մէջ կը բուրէ ծառայասիրութիւն, մանկանց հանդէպ սէր, ազգասիրութիւն, հաւատք, նուիրուածութիւն եւ տակաւին պէս պէս արժանաւորութիւններ։ Երբեմն յանդիմանող եւ երբեմն ալ խրատող կոչնակ մըն է սա, արձակուած՝ տնօրէնութեան սենեակէն։
Քանի՜ քանի՜ տարիներ տեսեր եմ իր կամքը, այս հրաւէրը ուղղելու տրամադրութեամբ։ Քանի՜ քանի՜ անգամներ տեսեր եմ, նոյնիսկ մարմնապէս տկարութիւնները յայտնուած ժամանակ, այս հրաւէրը ուղղելու փափաքով ապաքինած ըլլալը։ Քանի՜ քանի՜ անգամներ տեսեր եմ, քալելու իսկ կարող չեղած ժամանակ, այս հրաւէրը ուղղելու համար ոտքի կանգնիլն ու արագաշարժ քայլերով մանուկներուն մօտենալը։ Եւ քանի՜ քանի՜ անգամներ վկայեր եմ, այդ կոչումէն զրկուած ժամանակ որքան տխրած եւ լալագին ըլլալը։ Նոյնիսկ անշարժութեան մատնուած ժամանակ, առնուազն մանկանց ձայնը լսելու համար կայան փոխադրուելու տենչանքը ո՞վ կրնայ մոռնալ։ Ո՞վ կրնայ մոռնալ, մանուկներէ զուրկ ձմրան ընթացքին թառամիլը եւ մանկանց լի ամրան շրջանին կոկոններու նման կեանք գտնելն ու վերազօրացումը։ Ըստ իրեն, մանուկազուրկ կեանքը մահ էր, իսկ անոնցմով լի կեանքը կենդանութիւն։
Ինչպէ՞ս կարելի է մոռնալ, իւրաքանչիւր ճաշու սկիզբը իր իւրայատուկ ոճով եւ շեշտաւորումներով «Ճաշակեսցուք խաղաղութեամբ» աղօթքը արտասանութեան առաջնորդութիւնը։ Ամէն անգամ որ, հոգեւորական մը իրեն յանձնէր այս պաշտօնը, նախ կը տատամսէր, սակայն յաջորդիւ մեծ հպարտութամբ կը կատարէր, ամէն անգամ յայտնելով, թէ այս պարտականութիւնը առաջին անգամ երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքէն փոխանցուած էր իրեն, որպէս սրբազան պարտականութիւն։ Փոքրիկ պաշտօն մըն էր սա կ՚երեւի, սակայն այնքան խորհրդաւոր, քանի իր աղօթքի առաջնորդութեամբ կը բացուի բոլորիս համար այնքան նուիրական Կայանի ճաշասեղանը։ Նախ կը հրաւիրէ, ապա կ՚առաջնորդէ եւ այս բոլորին մէջ հոգեկան անհուն մեծ ուրախութիւն մը կը վայելէ։ Նմանողութեամբ մայրապետի մը, իր հանուր կեանքը նուիրել Աստուծոյ ամենէն սիրելիներուն՝ մանուկներուն եւ իրենց ներկայութեամբ գտնել հոգեւոր ընտանիքը յատկապէս Կազդուրման կայանի հովանիին ներքեւ։
Բայց, կը կարծեմ, թէ այս նուիրուածութեան սկզբնաքայլը հետեւեալ Աստուածային խոստումն է. «Երանի՜ անոր, որ Աստուծոյ թագաւորութեանը մէջ հաց պիտի ուտէ» (Ղկս.14.15)։ Այս հաւատքն է, որ զինքը մղեց դէպի եկեղեցի եւ դպրոց ծառայութեան եւ իր ժամանակը արժեւորելու տղոց հետ։ Այս հաւատքն է, որ զինքը առաջնորդեց Ս. Պատարագ երգելու եւ դպրական շապիկը պատիւով ներկայացնելու իր շրջակայքին։ Այս հաւատքն է, որ երբեմն խստութեամբ մանուկներուն ցոյց կու տար Ս. Պատարագին յոտնկայս կենալու, խաչակնքելու, Ս. Հաղորդութիւն ստանալու կարեւորութիւնը։ Եւ ահա, 12 հոկտեմբեր 2022, չորեքշաբթի օրուան լուրերը, մահը կը գուժեն հանգուցեալին, միեւնոյն ժամանակ աւետելով, թէ ան այլեւս կը փոխադրուի այն վայրը, ուր Աստուծոյ թագաւորութեան մէջ հաց պիտի ուտէ։ Այս անգամ Գաբրիէլ Հրեշտակապետին փողն է, որ կ՚ազդարարէ օր. Նուարդին, ըսելով. «Ճաշը պատրաստ է, ճաշը պատրաստ է…»։ Յիշատակն արդարոցն օրհնութեամբն եղիցի. ամէն։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
12 հոկտեմբեր 2022, չորեքշաբթի
Ս. Ներսէս ճեմարան, ԱՄՆ
Թրքահայ կեանք
- 06/23/2025
- 06/23/2025
- 06/23/2025
- 06/23/2025