ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԿԱՐԵՒՈՐ ՁԵՌՔԲԵՐՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ՝ ԻՐ ԵԿԵՂԵՑԱՊԱՏԿԱՆ ԿԱԼՈՒԱԾԻ ԱՐԺԵՒՈՐՄԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐՈՎ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուն եւ թաղի վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Արա Էրոլ Չընարը։ Այս շաբաթավերջին նախատեսուած է Եշիլգիւղի տարեկան մատաղօրհնութիւնը, որու ընդառաջ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, անոնք այցելեցին խմբագրատունս, ուր բացատրութիւններ տուին զանազան նիւթերու շուրջ։

Հապիպ Էօզֆուրուճու եւ Արա Էրոլ Չընար առաջին հերթին անդրադարձան Եշիլգիւղի վարժարանի այժմու վիճակին՝ յայտնելով, որ աշակերտութեան թիւը 285 է։ Ուսուցչական կազմն ու պաշտօնէութիւնը կը կազմեն 50 հոգի։ Դպրոցի գործունէութիւնը, ընդհանուր առմամբ, կայուն հունի մէջ է։ Ներկայ դժուարին շրջանին թաղային խորհուրդը առաւելագոյն ջանքեր կը գործադրէ ելմտական հաւասարակշռութիւնները պահպանելու ուղղութեամբ։ Այդ ջանքերով հանդերձ, այս տարի կայ պիւտճէի բաց մը, որ կը կազմէ շուրջ 1 միլիոն 100 հազար լիրա։ Մեր ուրիշ թաղերուն բաղդատմամբ այս բացը յարաբերաբար աւելի հասկնալի մակարդակի մը վրայ է եւ Եշիլգիւղի ընտանիքը լիայոյս է, որ կը կարողանայ այդ մակարդակով զօրակցութիւն մը ապահովել համայնքային շրջանակներէն։

Երէկուան հաճելի զրոյցի ընթացքին Էօզֆուրունճու եւ Չընար խօսեցան նաեւ եկեղեցապատկան կալուածներու վերաբերեալ նիւթերու շուրջ։ Այս շրջանակին մէջ, անոնք մասնաւորապէս ուրախառիթ ու կարեւոր լուր մը տուին՝ թաղի տեսակէտէ էական ձեռքբերումի մը շուրջ։ Եշիլգիւղի եկեղեցին ունի տարածք մը, որ պաշտօնական արձանագրութիւններու մէջ անցած է որպէս գերեզմաննոց եւ այդ մէկը երկար ժամանակ օգտագործուած է՝ որպէս բացօթեայ շուկայ։ Շատ երկար ժամանակէ ի վեր թաղային խորհուրդը օրինական գետնի վրայ աշխատանք կը տանի այդ տարածքի կարգավիճակը փոխելու եւ զայն հասութաբեր դարձնելու ուղղութեամբ։ Երկարաշունչ այս գործընթացը զուգորդուած է վերիվայրումներով, ատեն-ատեն ալ յուսախաբութիւններով։ Յամենայնդէպս, թաղային խորհուրդը յամառ պայքարէ չէ հրաժարած եւ համբերութեամբ յառաջ տարած է երկարաշունչ գործընթացը։ Ի վերջոյ, ըստ երէկուան զրոյցի ընթացքին մեզի տեղեկացուածին, եկեղեցապատկան այս վիճելի տարածքի պարագային Եշիլգիւղի թաղային խորհուրդը այժմ հասած է իր նպատակին։ Այսպէս, այդ տարածքի պաշտօնական արձանագրութիւններուն եւ կարգավիճակին համար ակնկալուած փոփոխութիւնները հնարաւոր դարձած են։ Սա կը նշանակէ, որ այդ հողատարածքի արժեւորման հեռանկարներ ուրուագծուած են Եշիլգիւղի թաղային խորհուրդին առջեւ։ Էօզֆուրունճու եւ Չընար երէկ մեզի յայտնեցին, որ այնտեղ պիտի կատարուի շինարարութիւն մը։ Աշխատանքներու աւարտին Եշիլգիւղի թաղային խորհուրդը քսան յարկաբաժնի սեփականութեան իրաւունքը պիտի ունենայ, ինչ որ մշտական եկամուտի աղբիւր մը պիտի դառնայ հայահոծ այս թաղին համար։ Տարեկան մատաղօրհնութեան ընդառաջ, բնականաբար, այս ուրախառիթ իրադարձութիւնը ապագայի տեսակէտէ յոյս եւ լաւատեսութիւն կը ներշնչէ Եշիլգիւղի ընտանիքին։ Հարկ է նշել, որ երէկուան այցելութեան ընթացքին Արա Էրոլ Չընար յայտնեց, թէ այս ձեռքբերումը ապահովուած է՝ մասնաւորապէս ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուի հեռատեսութեամբ եւ գործադրած մեծ եռանդով։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2021