«ՓՈՔՐԻԿ»Ի ՀԷՔԵԱԹԱՏՕՆԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ

«Փոքրիկ» հայերէն հէքեաթներու համացանցային կայքէջի հաստատման հնգամեակին առթիւ երէկ յոբելենական խանդավառ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ մեր վարժարաններէ բազմաթիւ պատանիներու մասնակցութեամբ։ Շիշլիի քաղաքապետութեան «Ճեմիլ Ճանտաշ-Քենթ» մշակոյթի միութեան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ «Փոքրիկ»ի հէքեաթատօնը, որու հանդիսավարն էր Պօղոս Չալկըճըօղլու։ Պատանի հանդիսատեսներուն համար հէքեաթները ներկայացուցին Սօսի Ճնտոյեան, Պերճուհի Պէրպէրեան,  Թագուհի Թովմասեան-Զաման, Թալին Չորթան Կարիբկիւն եւ Պօղոս Չալկըճըօղլու։ Երաժշտական յայտագիր մըն ալ գործադրեցին Լառա Նարին եւ Արի Հերկել։

Մեր պատանիները մեծ խանդավառութեամբ հետեւեցան «Փոքրիկ»ի հէքեաթատօնի յայտագրին, որու աւարտին արձակման պահուն իրենց նուիրուեցան խնձորներ։

Հինգշաբթի, Մայիս 16, 2019