ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Երէկ երեկոյեան, Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեան Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ ընդունեց իսթանպուլահայ դպրաց դաս-երգչախումբերու ներկայացուցիչները։ Հանդիպման ներկայ էին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ ժողովական հայրերէն Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան եւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։

Նորին սրբազնութիւնը նախ արտասանեց բացման աղօթքը, որմէ յետոյ ողջունեց ներկաները։ Շնորհակալութիւն յայտնեց, որ դպրաց դասեր ընդառաջելով իրենց եղած հրաւէրին, ներկայացուցիչներ ուղարկած էին Պատրիարքական Աթոռ։ Գնահատեց իրենց նուիրեալ ծառայութիւնը մեր եկեղեցիներու շրջափակէն ներս։ Ապա առաջարկեց, որ ներկայացուցիչներ իրենց զիրենք ազատ զգան արտայայտուելու դպրաց դասերու հետ առընչուած զանազան հարցերու մասին։ Առաջարկ ներկայացուեցաւ դպրաց դասերու կանոնագրութեան վերամշակման մասին։ Նաեւ ընդգծուեցաւ երաժշտագէտ եւ ծիսագէտ ծառայողներու կարեւոր պակասը։ Նորին սրբազնութիւնը այս ուղղութեամբ իր հովուական կեանքէն փորձառութիւններու մասին արտայայտուեցաւ եւ շեշտեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներուն, դպրաց դասերու վարչութեանց եւ եկեղեցիներու վարչական խորհուրդներու միասնական սերտ գործակցութեան կարեւորութիւնը՝ եկեղեցւոյ պայծառութեան համար։ Յիշեցուց, որ ծնողներու իրենց զաւակները եկեղեցի առաջնորդելը, մեր աւանդական ընտանեկան կեանքին կարեւոր աւանդութիւններէն է։ Ուստի ծնողներու պէտք է թելադրել, որպէսզի այս աւանդութիւնը կեանքի կոչեն, որչափ որ կարելի է։

Ընդունելութեան աւարտին ներկաներ միաբերան երգեցին Տէրունական աղօթքը եւ ստացան տեղապահ սրբազան հօր օրհնութիւնները։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 16, 2017