ԿԵՆՍՈՒՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱՑՄԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հերթական անգամ հիւրընկալեց պոլսահայ սանուց միութիւններու վարչութեան ատենապետները։ Ինչպէս ծանօթ է, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մօտաւոր անցեալին անգամ մը մէկտեղուած էր սանուց միութիւններու վարչայիններուն հետ եւ երէկուանը եղաւ երկրորդը։ Նորին Ամենապատուութիւնը վերջին շրջանին համայնքային կառոյցներու ցանցի զանազան օղակներու վարչայիններուն հետ լայնախարիսխ խորհրդակցութիւններ կ՚ունենայ։ Ըստ երեւոյթին, ան կը ձգտի, որ այդ բոլորը զուտ խօսակցութիւններ չըլլան եւ ապահովուին գործնական արդիւնքներ։ Այս նպատակով իրերայաջորդ հանդիպումներ տեղի կ՚ունենան՝ խօսակցութիւնները գործնական աշխատանքի հունին մէջ դնելու առաջադրութեամբ։ Պատրիարքարանի դահլիճի երէկուան տեսակցութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Սանուց միութիւններու վարչայիններուն հետ նախկին հանդիպման ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուշադրութեամբ լսած էր իր նկատառման յանձնուած տեղեկութիւնները։ Ան թելադրած էր, որ համապատասխան օրակարգով սանուց միութիւններու վարչութիւնները խորհրդակցին իրարու միջեւ եւ արդիւնքները քննարկման առարկայ դարձուին երկրորդ հաւաքի մը ընթացքին։ Ուրեմն երէկուանը այդ երկրորդ հաւաքն էր, որու ներկայ գտնուեցան 11 սանուց միութեան ատենապետներ։ Նորին Ամենապատուութիւնը դարձեալ մի առ մի լսեց բոլորը։

Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, Արամեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Սեւան Աթաօղլու խօսեցաւ երկար ժամկէտով իրագործելի դրութեան մը ստեղծման շուրջ։ Սա հիմք կրնար ստեղծել արհեստավարժ ու գիտական միջոցներով վիճակագրութիւններու պատրաստութեան՝ նոր սերունդի մօտ մեր սանուց միութիւններուն նկատմամբ հետաքրքրութիւն ապահովելու առաջադրութեամբ։

Կեդրոնական սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Գէորգ Սիմքէշեան արտայայտուեցաւ միջմիութենական խորհրդակցութիւններու արդիւնքներու մասին։ Այդ տեղեկութիւններու լոյսին տակ ի յայտ կու գար, որ եկեղեցի-վարժարան-միութիւն եռոտանիին ու անոր գործունէութեան վերաբերեալ առողջ գիտելիքներով օժտուած սաներ կրնան լաւագոյնս օգտակար հանդիսանալ սանուց միութիւններուն՝ որպէս անդամ կամ վարչային։ Սանուց միութիւններու գործունէութեան կենսունակութեան տեսակէտէ մատնանշուեցան նաեւ շարք մը խոչընդոտներ, որոնք ունին հոգեբանական բնոյթ։ Արդարեւ, մեր վարժարաններու աշակերտները շատ անգամ իրենց ուսման շարունակութեան շրջանի պատրաստութեան մտահոգութիւններով՝ կը մատնուին ժամ առաջ շրջանաւարտ ըլլալու, այսինքն դպրոցէն փախուստ տալու հոգեվիճակին։ Երբ անգամ մը կը տարուին այս հոգեվիճակէն ու չեն կրնար զայն թօթափել, ապա ինքնաբերաբար հեռու կը մնան նաեւ սանուց միութեան շրջանակէն։ Բաց աստի, միջնակարգէ վերջ լիսէի ուսման համար այլ վարժարան մը յաճախած աշակերտները շրջանաւարտ ըլլալէ վերջ ինքզինքնին աւելի մօտ կը զգան՝ իրենց վկայուած լիսէի սանուց միութիւններուն։ Այս կացութիւնը ժխտական գործօնի մը կը վերածուի միջնակարգի կամ նախակրթութեան վարժարանի սանուց միութիւններուն տեսակէտէ։

Սանուց միութիւններու վարչայինները կարեւոր կը համարեն նաեւ, որ աշակերտներ դպրոցական տարիներուն յիշեցումներու միջոցաւ  պէտք է ըմբռնեն, թէ իրենց ուսանած վարժարաններու գոյատեւումը կը պարտին մեր ժողովուրդի զոհողութեան։ Հետեւաբար, իրենք այս պարագային կրնան աւելի պատրաստակամ ըլլալ յաջորդ քայլափոխին համայնքէն ներս վարչական պատասխանատուութիւն ստանձնելու ուղղութեամբ։

Նորին Ամենապատուութիւնը հանդիպման տեւողութեան մի առ մի հետաքրքրուեցաւ Կեդրոնական, Էսաեան, Մխիթարեան, Սահակեան, Դպրեվանքի, Արամեան, Սկիւտարի, Թարգմանչաց սանուց միութիւններու, ինչպէս նաեւ Թրքահայ ուսուցչաց միութեան եւ «Մարալ» միութեան ատենապետներու մօտեցումներով։ Անոնց խորհրդակցութիւններուն ի շարունակութիւն հարցումներ ուղղելով քաղեց յաւելեալ տեղեկութիւններ։ Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատանքով նշեց, որ այսօրուայ պայմաններով սանուց միութիւնները ի գործ կը դնեն իրենց կարելին՝ իւրաքանչիւրը իր սահմաններուն մէջ կը գործէ։ Հետեւաբար, առկայ վիճակը պէտք չէ յուսախաբութիւն յառաջացնէ եւ սանուց միութիւնները պէտք չէ վերած-ւին հաստատութիւններու, որոնք մատնուած են անգործութեան։ Այժմու մարտահրաւէրն է մեր վարժարաններու աշակերտները կապել իրենց սանուց միութիւններուն հետ։ Տղոց պէտք է բացատրուի, որ սանուց միութիւնը իրենց համար հարազատ տուն մըն է՝ նման իրենց ընտանեկան յարկին կամ դպրոցին։

Գէորգ Սիմքէշեան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հրաւիրեց մասնակցիլ՝ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տաղաւարի յաջորդող օրերուն Կեդրոնական սանուց միութեան երդիքին տակ նախատեսուած միջմիութենական հանդիպման։ Նորին Ամենապատուութիւնը յայտնեց, որ այդ հանդիպումը պէտք է ունենայ իր օրակարգը, որպէսզի համապատասխան նիւթերու շուրջ գաղափարի փոխանակումներ տեղի ունենան։

Հուսկ, սանուց միութիւններու վարչայինները շնորհակալութիւն յայտնեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ Գումգաբուէն հրաժեշտ առին ստանալով անոր օրհնութիւններն ու բարեմաղթանքը՝ մօտալուտ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ։ 

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2021