ՈՉ ԵՒՍ Է ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՄԱՐԳԱՐ ԷՍԱԵԱՆ

Իսթանպուլի երեսփոխան Մարգար Էսաեան երէկ կնքեց իր մահկանացուն՝ 51 տարեկան հասակին։ Այս կորուստը մեծ ցաւ յառաջացուց ինչպէս Թուրքիոյ քաղաքական կեանքէն, այնպէս ալ թրքահայ համայնքէն ներս։ Մարգար Էսաեան միջոցէ մը ի վեր կը տառապէր ստամոքսի քաղցկեղէ։ Միջոց մը առողջական վիճակը որոշ չափով բարելաւուած էր եւ այդ փուլին իր այցելութեան փութացած էր Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան։ Աւելի վերջ, սակայն, իր կացութիւնը սկսաւ դարձեալ վատթարանալ՝ հակառակ իրեն համար ի գործ դրուած դարմանման։ Վերջին շրջանին քաղցկեղը պատած էր իր մարմինը եւ ան արդէն հիւանդանոցի մէջ էր։ Երէկ, դժբախտաբար, ան աչքերը փակեց կեանքին՝ իր ետին թողլով ազնիւ ու բարի յիշատակ մը։

Իսթանպուլի երեսփոխան եւ ԱՔ կուսակցութեան Կեդրոնական վարչական խորհուրդի անդամ Մարգար Էսաեան ծնած էր 1969 թուականին քաղաքիս մէջ։ Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանը եւ Կեդրոնականը աւարտելէ վերջ, 1995 թուականին մուտք գործած էր «Անատոլու» համալսարանին վարչակառավարման բաժինը։ «Պիլկի» համալսարանէն ներս կատարելագործած էր իր բարձրագոյն ուսումը՝ հետեւելով մշակութային հետազօտութեան բաժնի դասընթացքներուն։ Մարգար Էսաեան համբաւ ձեռք բերած էր որպէս հրապարակագիր։ Հիմնադրութեան փուլէն սկսեալ երկար շրջան մը սիւնակագիր եղած էր «Ակօս» շաբաթաթերթին մէջ։ Աւելի վերջ աշխատակցած էր «Թարաֆ», «Ենի Շաֆաք», «Տէյլի Սապահ» եւ «Աքշամ» թերթերուն։ Շարք մը յառաջատար հեռուստակայաններու քաղաքական ծրագիրներուն եւ բանավէճերուն ալ կը մասնակցէր՝ որպէս մեկնաբան։ Ունէր հրատարակուած հինգ գիրք։ Բաւական բարձր մակարդակով կը տիրապետէր անգլերէնի, գիտէր նաեւ հայերէն։

Երկու շրջան վրայ վրայի Մարգար Էսաեան երեսփոխան ընտրուած էր Իսթանպուլէն։ Երբ երկար տասնամեակներ վերջ Ազգային մեծ ժողով նոյնաժամանակ մուտք գործել յաջողած էին երեք թրքահայեր, անոնցմէ գլխաւորն էր Մարգար Էսաեան՝ ընտրուած ըլլալով իշխանական կուսակցութենէն։ Խորհրդարանէն ներս մաս կազմած էր սահմանադրութեան եւ Եւրոմիութեան հետ ներդաշնակութեան յանձնաժողովներուն։ Եղած էր Թուրքիա-Եւրոմիութիւն խորհրդարանական խառն յանձնաժողովի համանախագահի տեղակալը։ Որպէս պատգամաւոր իր ծաւալած գործունէութեան ընթացքին, Մարգար Էսաեան փորձած էր նպաստել Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու զանազան խնդիրներու լուծման։ Թէ՛ խորհրդարանէն եւ թէ կուսակցութենէն ներս փորձած էր յառաջ տանիլ նպաստաւոր աշխատանք՝ յարմար գետին մը պատրաստելու ակնկալութեամբ խնդիրներու լուծման։

Մարգար Էսաեանի անժամանակ մահուան առթիւ ընկերային ցանցերու վրայ ցաւակցական գրառումներով հանդէս եկան Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան, իր բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն, նախագահութեան հաղորդակցութեան բաժնի պետ Ֆահրետտին Ալթուն։ Լրատուամիջոցները տեղ տուած են նաեւ Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփի, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի, Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուի եւ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճայի վշտակցական արտայայտութիւններուն։

«Հիւրրիյէթ» օրաթերթին մէջ տեղ գտած են նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի խօսքերը, ըստ որոնց Մարգար Էսաեան բարեացակամ ու հայրենասէր անձնաւորութիւն մըն էր՝ կապուած իր պետութեան եւ ազգին։

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանն ալ «Twitter»ի վրայ վշտակցական գրառումով մը հանդէս եկած է Մարգար Էսաեանի կորուստին կապակցութեամբ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 17, 2020