ՍՐԲՈՑ ԱՌԱՔԵԼՈՑ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Երէկ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, Ս. Առաքելոց յիշատակութեան առթիւ արարողութիւններուն հանդիսապետեց եւ Ս. Պատարագը մատոյց կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութ, Ռոյ Սրկ. Քիւչիւքաթէշ, Կարպիս Սրկ. Չիչէք եւ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Ներսէսեան դպրաց դասուն կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Արթուն Սրկ. Թէքիրօղլուի։ Կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին փութացած էին կղզեբնակ հաւատացեալներ, ինչպէս նաեւ թաղային խորհուրդէն անդամներ ու Կազդուրման կայանէն աշակերտներ։

Նախքան Տէրունական աղօթքը հայր սուրբը, «Դուք տուէք անոնց ուտելիքը» (Մտթ. 14.16) բնաբանով անդրադարձաւ Տէր Յիսուս Քրիստոսի հինգ հազարներու մօտ կատարած հացի եւ ձուկի բազմացման հրաշքին։ Այս ծիրէն ներս շեշտադրեց, Յիսուս Քրիստոսէն առաքեալներու ուղղուած խօսքը, որ է նաեւ առաքելական ծառայութեան սկզբնակէտը։ Այսպէս, ան յայտնեց, որ Յիսուս ընտրած էր առաքեալներ, որպէսզի անոնք մատուցանէին Աստուածային Խօսքը առ աշխարհ եւ դառնային Աստուածային առաքելութեան մը սպասաւորները։ «Մեր եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին ամենէն հիմնական բառն է առաքելութիւնը, որուն սկզբունքները կը բղխին Ս. Աւետարանէն», ըսաւ հայր սուրբը։

Հայր սուրբը, յիշեցուց, որ շաբաթավերջին Հայ Եկեղեցին յիշատակեց Ս. Երկոտասան Առաքելոց տօնը եւ այս շրջագիծով իւրաքանչիւր քրիստոնեայ կը հրաւիրուի կեդրոնանալու առաքեալներու առաքելութեան գաղափարին վրայ։ Ո՞վ էր առաքեալները ընտրողը, եթէ ոչ՝ Փրկիչ Յիսուսը։ Որո՞ւն համար ընտրուած էին առաքեալները, եթէ ոչ՝ աշխարհացրիւ մարդկութիւնը։ Այս առումով, Հայ Եկեղեցւոյ անդամները եւս պէտք է դաս ստանային առաքեալներու ուղղուած այս մեծ պատգամէն «դուք տուէք անոնց ուտելիքը»։

Հայր սուրբը, յայտնեց որ պէտք է առաքելական այս պատուիրանին ականջ տալ որպէս հաւատացեալ եւ իրենց գործունէութեան հետեւելով դառնալ՝ առաքեալ։ Այս առումով Հայ Եկեղեցւոյ անդամներուս եւս պարտականութիւն կը մնար, որպէս փոքր մասնիկը Ընդհանրական եւ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ։ Իբր այդ, ան յայտնեց, որ Հայ Եկեղեցւոյ անդամը պէտք է գիտակցի առաքելական բառի նշանակութիւնը՝ հետեւելով Յիսուսի արտասանած այս մեծ թելադրանքին։ Իսկ այս ուղիին մէջ, առաքելութեան յաջողութեան համար անհրաժեշտ է գերադասել Ս. Գիրքի, Քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ քարոզխօսութեան կենսականութիւնը. բան մը, որ առաքեալներու կողմէ դարեր առաջ ընկալուած էին որպէս նշանաբան։

Արարողութեան աւարտին, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան հանդիպում ունեցաւ հաւատացեալներու հետ եւ բոլորին շեշտեց, որ միշտ անսան եկեղեցւոյ անդամակցութեան կոչին եւ դառնան մերօրեայ առաքեալները, որոնք իրենց ներդրումը պիտի բերեն Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութեան տարածման եւ հզօրացման։

Երկուշաբթի, Յուլիս 18, 2022