ԴԻՊՈՒԿ ԵՒ ԽՈՐՔԱՅԻՆ

Վերջին տասն տարուան ընթացքին համակրելի մեներգչուհի Սիպիլի նախաձեռնութիւնները, ստեղծագործութիւնները միշտ ստեղծած են լայն արձագանգ։ Յամենայնդէպս, իր վերջին քայլը այս ամբողջին մէջ կ՚առանձնանայ։ Սիպիլի վերջին երգը՝ «Աւրորայի աղօթքը» եւ տեսահոլովակը երաժշտական աշխարհէն ներս դարձած են նոր յայտնութիւն մը։ Սա շատ դիպուկ եւ խորքային ստեղծագործութիւն մըն է՝ ձօնուած պատերազմի հետեւանքով որբացածներու։ Հայաշխարհէ ներս անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձած այս երգն ու տեսահոլովակը վերջին օրերուն ջերմ հետաքրքրութեան կ՚արժանանան նաեւ թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն կողմէ։ Թէ՛ տպագիր եւ թէ առցանց հարթակներու վրայ Սիպիլի երգը կը յանձնարարուի երաժըշ-տասէր լայն զանգուածներու համար։

Արցախի երկրորդ պատերազմին յաջորդած մթնոլորտին մէջ ստեղծագործուած այս երգը Սիպիլի կողմէ ձօնուած է որբացած մանուկներու։ Անշուշտ, ոչ-հայկական շրջանակներու պարագային մատուցման եւ ընկալման ձեւը չի սահմանափակուիր զուտ հայկականով, այլ կ՚երանգաւորուի՝ բոլոր որբերուն ուղղուած ձեւով։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 18, 2021