Երկուշաբթի 23, Յունիս 2025
ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՍԱՐԳԻՍ ՉԵԹԻՆՔԱՅԱՆ
Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութեան արձագանգները կը շարունակուին։ Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան հեռաձայնով կապ հաստատեց Սարգիս Չեթինքայայի հետ, որու կողմէ գլխաւորուած Կապոյտ ցուցակը ընտրութեան արդիւնքին հիման վրայ իրաւունք շահած է յառաջիկայ շրջանին Օրթագիւղի եկեղեցւոյ թաղ. խորհուրդի ղեկը ստանձնելու։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ընտրութեան արդիւնքի լոյսին տակ հեռախօսազրոյցի ընթացքին հայրաբար շնորհաւորեց Չեթինքայան եւ այս վերջնոյն անձին մէջ ընտրեալ թաղականները։ Նորին Ամենապատուութիւնը բոլորին փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքը։
Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2022
Թրքահայ կեանք
- 06/23/2025
- 06/23/2025
- 06/23/2025
- 06/23/2025