ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Տատեան վարժարանի հիմնադրութեան 175-ամեակին ձօնուած յոբելենական ձեռնարկներու ծիրէն ներս վերջերս տեղի ունեցան ձեռնագնդակի եւ փինկ-փոնկի մրցաշարքեր։ Դպրոցի «Եդքին Պէրպէրօղլու» մարզասրահի երդիքին տակ տեղի ունեցան միջվարժարանային այս մրցաշարքերը։ Համայնքային 14 միջնակարգերու առընթեր ծրագրին մասնակցութիւն բերին յոյն համայնքէն երկու դպրոցներ եւ հրէից վարժարանը։

Տատեանի մարզանքի ուսուցչուհիները՝ Այլին Զեքի եւ Սէյհուն Ուչար կազմակերպեցին այս մրցաշարքը։ Մրցաշարքի կազմակերպութեան աջակցութիւն ցուցաբերեցին Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք, Էյուպի Ս. Աստատածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արթօ Արման եւ Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն։

Խաղերու աւարտին մրցանակաբաշխման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահի երդիքին տակ։ Մարզիկներն ու ուսուցիչները հրաժեշտ առին՝ գալ տարուան համար վերստին ժամադրուելով։

Երեքշաբթի, Մարտ 19, 2019