«ՎՍՏԱՀ ԵՄ՝ ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ՏԵՂԵԱԿ ՉԷ»

Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու Համբարձման տօնի երէկուան հաւաքոյթի ընթացքին մասնաւորապէս անդրադարձաւ՝ հիւանդանոցի հանդիպակաց երբեմնի բանջարանոցի համայնքապատկան կալուածի սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերման համար ձեռնարկուած երկարաշունչ աշխատանքին։ Ան երկար բացատրութիւններ տուաւ դատական իշխանութիւններուն, դիւանակալական կառոյցներուն եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն հետ տարուած համբերատար աշխատանքին շուրջ։ Շիրինօղլու շեշտեց նաեւ, որ հոգաբարձութիւնը հիւանդանոցի միջոցներէն հսկայական ծախսեր կ՚ընէ՝ իրաւական այս պայքարին հետամուտ ըլլալու եւ կալուածի սեփականութեան իրաւունքը վերաձեռքբերելու նպատակին հասնելու համար։

«Ես վստահ եմ, թէ այս բոլորէն տեղեակ չէ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան։ Եթէ ան վերահասու ըլլար, ապա ես վստահ եմ, թէ խնդիրը այսօր շատ աւելի տարբեր կէտի մը հասած կ՚ըլլար», ըսաւ Պետրոս Շիրինօղլու։

Ուրբաթ, Մայիս 19, 2023