ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Սկիւտարի սանուց միութեան մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Միջվարժարանային ընթերցման խրախճանքը, որ վերջին տարիներուն դարձած է աւանդական։ Մեր զանազան վարժարաններէն աշակերտական խումբեր մասնակցեցան այս խրախճանքին՝ ուսուցիչներուն գլխաւորութեամբ։ Հիւրընկալ սանուց միութեան անունով ողջոյնի խօսք մը արտասանեց եւ օրուան հանդիսավարի դերը կատարեց բազմավաստակ կրթական մշակ Եւգինէ Ինճիտիւզէն։ Յայտագրի ընթացքին նախ բեմ հրաւիրուեցան ուսուցիչ-ուսուցչուհիները, որոնք ծանօթացուեցան ներկաներուն։ Միութեան անդամներէն Երջանիկ Տօնիկօղլուն ալ Ամանորի վերաբերեալ երկու պատմուածքներ ներկայացուց։ Տղաքը մեծ հաճոյքով զիրար ունկնդրեցին եւ յայտագրի տեւողութեան ձեւով մը մտերմացան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։

Խրախճանքի աւարտին բոլոր մասնակիցները Ամանորի բնորոշ նուէրներով վարձատրուեցան եւ բարեմաղթանքներու փոխանակումով հրաժեշտ առին Սկիւտարի սանուց միութենէն։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2018