ԷՍԱԵԱՆՑԻՆԵՐԸ ՃԱՏՐԱԿԻ ՄԷՋ ԱԽՈՅԵԱՆ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Էսաեան վարժարանի աշակերտները վերջերս ճատրակի մէջ արձանագրած են փայլուն յաջողութիւններ։ 2018-2019 կրթական շրջանին Պէյօղլուի միջվարժարանային ճատրակի մրցաշարքի յաջող մասնակցութիւն բերած են էսաեանցիները։ 20-21 փետրուարին, Իսթանպուլի Գլխաւոր քաղաքապետութեան Պէյօղլուի մարզասրահի երդիքին տակ կազմակերպուած մրցաշարքին ժամանակ Էսաեանը ներկայացուցին՝ Տիրան Քէօսէ, Առէս Պոյաճեան, Լիա Եուրտկիւլիւ, Լինա Պոյաճեան, Նարեկ Տիքիճի, Ազատ Արը, Շանթ Տիքիճի, Լոռին Իւկէ եւ Արտա Կիւլեայլա։ Էսաեանցի աշակերտները մրցաշարքի արդիւնքին նուաճեցին ախոյենութիւն։ Սա փոքրերու դասաւորման մէջ արձանագրուած յաջողութիւն մըն էր, որուն ի շարունակութիւն Տիրան Քէօսէ, Շանթ Տիքիճի, Լիա Եուրտկիւլիւ եւ Արտա Կիւլեայլա դասուեցան իրենց սեղաններու յաջողագոյնները ու պարգեւատրուեցան պնակիտներով։

Մրցանակաբաշխման արարողութեան մասնակցութիւն բերած է Պէյօղլուի քաղաքապետ Ահմէտ Միսպահ Տեմիրճան։

 Ճատրակի խումբին այս յաջողութիւնը մեծ խանդավառութիւն ստեղծած է դպրոցին մէջ։ Թէ՛ աշակերտները եւ թէ ուսուցչական կազմը շնորհաւորած են էսաեանցի ախոյեանները՝ մաղթելով նորանոր նուաճումներ։

Շաբաթ, Մարտ 2, 2019