ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻՆ ՇՈՂԵՐՈՎ

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ

Աշխարհի վրայ կան երկիրներ, որոնց վարիչները եւ հայրենակիցները ունին հպարտութեամբ տօնելի յաղթանակի օրեր։ Յաղթանակներ, որոնք իսկութեան մէջ հանգրուաններ են, ուր ակնբախ կերպով կը նշմարուի, թէ ինչպէս փոփոխութեան ենթարկուած է պատմութեան ընթացքը։ Այդ բոլորը ճակատագրական պահեր են եւ բոլորը ունին իրենց հերոսները, որոնք կամ աննկատ թողլով իրենց գլխուն վերեւ կախուած Դամոկլեան սուրը, լծուած են գոյապայքարի մղման եւ կամ զոհած՝ իրենց կեանքերը վասն սրբազան նպատակի։

Երբ կ՚անդրադառնանք, թէ պատմութեան թատերաբեմին վրայ կը նշուին քաղաքական առումով կարեւոր յաղթանակներ, որպէս Քրիստոնեայ հաւատացեալներ չենք կրնար անտես առնել այն մեծ յաղթանակը, որ հոգեւոր գետնի վրայ կերպարանափոխած է մարդկային կեանքի գնացքը։ Աստուածաստեղծ առաքելութեան մը յաղթանակն է Ան, որ լուսազարդ երանգաւորումով գունազարդած է մահուան անէծքին տակ հիւծած մարդուն տժգունած դէմքը։ Յաղթանակ մը, որ այլափոխած է մեղքի ծանրութեան տակ հիւծած ու տկարացած մարդուն համար անտանելի դարձած կեանքի պայմանները։ Յաղթանակ մը, որ միանգամընդմիշտ լուծած է մահուան կապանքները եւ մարդուն պարգեւած՝ նոր կեանքին անմահութեան բուրմունքը։ Յաղթանակ մը, որ մարդկութեան շնորհած է յարութեան յոյսը։ Յաղթանակ մը, որով կը յայտարարուի թէ, «Մահը ընկղմած է յաղթութեան մէջ»։ Յաղթանակ մը, որ կ՚երգէ. «Ո՞ւր է, ո՛վ մահ, քու խայթոցդ, ո՞ւր է, ո՛վ գերեզման, քու յաղթութիւնդ» (Ա. Կորնթացիս, 15.55)։ Յաղթանակ մը, նշանակ՝ Աստուածային սիրոյն, նոյնինքն արդիւնքն է մեղքի եւ չարութեան դէմ մղուած պայքարին, կամաւոր մատուցուած Սուրբ Պատարագովը եւ փառաւոր Սուրբ Յարութեամբը Աստուծոյ Միածին Որդւոյն եւ մեր Փրկչին՝ Յիսուսի Քրիստոսի։

Սուրբ Յարութեան աւետիսով պարզուած դրօշը կը շարունակէ ծածանիլ ու յայտարարել մահուան դէմ տարուած հրաշալի յաղթանակը։ Առժամեայ եւ կամ ժամանակաւոր յաղթանակ մը չէ սա։ Սուրբ Յարութեան յաղթանակի դրօշը այս կիրակի մեզի կը ներկայանայ կարմրագոյն երեսակով։ Եկեղեցին այս կիրակին գունազարդած է կարմիրով։ Գոյն մը, որ ինքնին կը խորհրդանշէ պայքարը, կը խորհրդանշէ յաղթանակը։ Քրիստոս, Սուրբ Աւետարանի քարոզութեամբ, արդէն իսկ կը յայտարարէր սիրոյ վրայ հաստատուած պայքարի մը սկզբնաւորութիւնը։ Քարոզութիւն մը, որ դիւրին պիտի չըլլար առաջին առթիւ խոր արմատներով հաստատուիլ մարդոց սրտերէն ներս, հակառակ անոր որ Քրիստոս յայտարարած էր թէ «օրէնքը եւ մարգարէութիւնները ջնջելու չէր եկած, այլ լրացնելու» (Մատթէոս, 5.17)։

Քրիստոսի ուսուցման մէջ կեդրոնական տեղը կը գրաւէ լոյսը, իր լիութեամբ։ Յիշենք քառասնօրեայ տաճար ընծայումը եւ Սիմէոն Ծերունիի մարգարէութիւնը. «Լոյս՝ որ պիտի ըլլայ յայտնութիւն հեթանոսներուն համար եւ փառք Իսրայէլի ժողովուրդիդ համար» նաեւ «Ահա սա, որ պատճառ պիտի դառնայ Իսրայէլի մէջ շատերուն անկման եւ բարձրացման, եւ նշան՝ հակառակութեան» (Ղուկաս, 2.32,34)։ Քրիստոս իր անձին համար ըսաւ. «Ես եմ աշխարհի լոյսը. Ով որ իմ ետեւէս կու գայ՝ խաւարի մէջ պիտի չքալէ, այլ պիտի ընդունի կենաց լոյսը» (Յովհաննէս, 8.12)։ Քրիստոսի սիրելի առաքեալը Յովհաննէս, իր Վարդապետին մասին կը գրէ. «Կեանքը անով էր եւ կեանքը լոյս էր մարդոց։ Եւ լոյսը կը լուսաւորէ խաւարին մէջ. Եւ խաւարը չճանչցաւ զայն» (Յովհաննէս, 1.4-5)։ Հակառակ անոր որ «Ան եկաւ որպէս ճշմարիտ լոյս, լուսաւորելու համար համայն մարդկութիւնը, մերժուեցաւ եւ աշխարհը զայն չճանչցաւ ու չընդունեց» (Յովհաննէս, 1.10)։ Հակառակ ոմանց մերժողական կեցուածքին, եղան մարդիկ, որոնք դրական կեցուածք որդեգրեցին ու ընդունեցին զԱյն։ Անոնք որոնք «հաւատացին իր անունին Աստուծոյ որդիներ ըլլալու իշխանութիւն ստացան» (Յովհաննէս, 1.12)

Քրիստոս զինքը լսողները կոչեց որպէս «երկրի աղ» եւ «աշխարհի լոյս»։ Երկու արժէքներ. մին՝ շօշափելի նիւթ, իսկ միւսը՝ տեսանելի գոյութիւն։ Առաջինը կը խորհրդանշէ համը, իսկ երկրորդը՝ տեսնելու միջոցը։ Առանց աղի համ չենք ունենար եւ առանց լոյսի բան մը չենք կրնար տեսնել։ Քրիստոս թէ՛ կը լուսաւորէր եւ թէ՛ մարդոց կեանքի գլխաւոր համեմը կը դառնար։ Քրիստոսի, աշխարհի իշխանին չարութեանը դէմ շղթայազերծած պայքարը իր յաղթանակին հասաւ Սուրբ Յարութեամբ։ Սակայն աշխարհի վրայ կը շարունակուի բարի պատերազմը ընդդէմ չարին։ Այս պատերազմը ունի իր հոգեւոր զինուորները, որոնք թէ՛ որպէս աղ եւ թէ՛ որպէս լոյս կը գործեն։ Մարտնչող եկեղեցին է ան, որ իր զօրութիւնը կ՚առնէ Քրիստոսէն, վայելելով Անոր առաքեալներուն ու անոնց գծով իր հաւատարիմներուն տուած խոստումէն թէ՝ «մինչեւ աշխարհի վախճանը անոնց հետ պիտի ըլլար» (Մատթէոս, 28.20)։

Մարտնչող եկեղեցին ի սկզբանէ մղած պայքարին մէջ ունեցաւ լուրջ հակառակորդներ։ Իր առջեւ կանգնեցան բազում խոչընդոտներ։ Եղան ծանր հալածանքներ։ Քրիստոսի հաւատացողներ իրենց լոյս հաւատքը ապրելու համար հարկադրուեցան գետնափոր վայրեր որոնել ու այդ վայրերը լուսաւորել իրենց հաւատքին վառ լոյսովը։ Քրիստոնեայ հաւատացեալներ իրենց վարքովը կենդանի քարոզներու կը վերածուէին, այսինքն իրենց լոյսը «գրուանի տակ չէին պահեր ու կը դնէին աշտանակներու վրայ, որպէսզի ամէն ոք լուսաւորուէր»։ Եկեղեցւոյ սուրբերը իրենց վարքով յանձն առին հալածանքներու ենթարկուիլ, բանտարկուիլ, կուսակալներու ու թագաւորներու առջեւ ելլել յանուն Քրիստոսի եւ իրենց վկայութիւնները տուին։ Անոնք վստահեցան, թէ «իրենց պիտի տրուէր բերան եւ իմաստութիւն, որուն պիտի չկարենային հակառակիլ կամ պատասխանել իրենց հակառակորդները» (Ղուկաս, 21.15)։ Անոնց համար պատճառ մը չկար, որ զիրենք Քրիստոսի սէրէն բաժնէր։ Անոնց համար, նեղութիւնը, անձկութիւնը, հալածանքը, սովը, մերկութիւնը, վտանգները, սուրը պատճառներ չէին։ Անոնք իրենց նշանաբան ըրած էին սաղմոսի բառերը. «Բայց ամէն օր քեզի համար կը սպաննուինք, մորթուելու ոչխարի պէս կը սեպուինք» (Սաղմոսք, 43.22)։ Քրիստոնեայ հաւատացեալը միշտ նկատած է, թէ՝ «Աստուած իր կողմն է, ուստի ո՞վ կրնար հակառակիլ իրեն» (Հռովմայեցիս, 8.31)։

Առաքեալներէն սկսեալ եկեղեցւոյ բոլոր սուրբերուն աներեր հաւատքին կը պարտինք մերօրեայ եկեղեցին։ Այս առումով անհասկնալի կը դառնայ եկեղեցւոյ, մեր պարագային Հայ Եկեղեցւոյ նկատմամբ ոմանց որդեգրած անտարբեր կեցուածքը, որով յիրաւի վնաս կը կրէ եկեղեցին։

Հայ Եկեղեցին իր գոյութեան առաջին իսկ մէկ օրէն ճշմարիտ վկայութիւնը տուած է ի պահանջել հարկին ցուցաբերելով պայքարող կեցուածք։ Հայ Եկեղեցին մեր ժողովուրդի իրականութեան մէջ ունի անուրանալի ներդրում։ Եթէ այսօր Աստուած մեզի հետ մեր լեզուով կը խօսի, այդ կը պարտինք եկեղեցիին։ Եթէ մեր եկեղեցին կը փայլի իր գրական անցեալով, այդ ալ կը պարտինք մեր եկեղեցիին։ Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարք Նարոյեան, եկեղեցւոյ դերին մասին կ՚արտայայտուի հետեւեալ բառերով. «Հայ ինքնութիւնը իր Եկեղեցիով կ՚արտայայտուի։ Հայ տաճարը իր ազնուագոյն տարրերը ի սպաս դրած է իր Եկեղեցիին։ Հոն կը գտնեն Հայ գեղարուեստին լաւագոյն մոտիւները. Հայ քնարը անոր ներշնչումներուն կը պարտի իր վսեմ թռիչքները. Հայ գրականութեան էն բուրումնաւէտ եւ երփներանգ ծաղիկները անոր ինքնաբոյր մթնոլորտին մէջ ուռճացած են։ Հայ կեանքին սիրտը եղած է ան, կեդրոնը Հայ քաղաքակրթութեան եւ համադրութիւնը իր բոլոր բարձր արտայայտութիւններուն։ Ան տիրաբար ղեկավարած է ազգային գոյութեան նաւը դարերու փոթորիկներուն ու ամեհի յորձանքներուն մէջ»։

Երանաշնորհ Պատրիարք Սրբազան Հօր հաստատումին լոյսին տակ կրնանք ըսել, թէ մեր եկեղեցւոյ սուրբ հայրապետները իրենց օրհնեալ վաստակը ցանեցին եւ անոնք վերածուեցան մանանեխի հատիկէն բուսած բոյսերուն, որոնք «բոլոր ծառերէն ալ մեծ եղան ու մեծ ճիւղեր արձակեցին», այնպէս որ «մեր ժողովուրդի բանիմաց տարրը երկնքի թռչուններու նմանողութեամբ անոր շուքին տակ բնակեցան» (հմմտ. Մարկոս, 4.32)։ Ուրեմն երբ կը վայելենք այս բարոյական բոյսին հովանին, պարտինք նոյն բարի պայքարը մղել ի սէր այս բոյսին պահպանութեան եւ նորանոր բոյսերու սերմանման եւ բուծանման։

Յարութեան լոյսին յաղթանակով տոգորուած հաւատանքը բարի պայքարի կարեւորութեան եւ այդ ուղղութեամբ բարձր պահենք Յարութեան յաղթանակի դրօշը ու հաւատքով, յոյսով ու աննկուն կամքով մնանք եկեղեցւոյ սուրբերուն պաշտպանած բարոյական ու հոգեւոր սրբութեանց հաւատարիմ, միշտ Աստուծոյ փառքին եւ մեր հոգեւոր շինութեան համար։

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ

ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Ապրիլ 2020, Գատըգիւղ

Շաբաթ, Մայիս 2, 2020