ԶԵԿՈՅՑ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ Ի ՄԱՍԻՆ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԵՒ ԹԱՂԱՅԻՆ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐՈՒ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆՑ

Մեր համայնքի անդամներուն ծանօթ է, թէ երկար ժամանակէ ի վեր համայնքային եւ թաղային մարմիններու ընտրութիւնները կարելի չ՚ըլլար կատարել։ Այս պարագան ծնունդ կու տայ զանազան հարցերու, որոնք կը զբաղեցնեն համայնքի օրակարգը։ Համայնքի անդամներ Պատրիարքական Աթոռին կը հաղորդեն իրենց անհանգստութիւնները ու կը պահանջեն, որ հարցին լուծում գտնուի։ Կրօնական ժողովը նկատի ունենալով սոյն պարագան, 1 յուլիս 2020, չորեքշաբթի օրուան Ժ. նիստին այս ուղղութեամբ կատարուեցան խորհրդակցութիւններ։

Ժողովական հայրերը յետխորհրդակցութեան հետեւեալ ստուգումները կատարած ըլլալով, հարկաւոր նկատած են անոնց մասին լուսաբանութեան մը հրապարակումը։

Այս բոլոր հարցերը ծագում կ՚առնեն, անոր համար, որ աւելի քան եօթը տարիէ ի վեր կարելի չ՚ըլլար համայնքային ու թաղային մարմիններու ընտրութիւնները կատարել։

Համայնքային ու թաղային հիմնարկներ հարկաւոր է, որ իրաւական սահմաններու մէջ մնալով կառավարուին։ Սակայն ներկայիս որեւէ օրէնքի կամ կանոնագրութեան մը չգոյութեան մասին եղած արտայայտութիւններով, ցնոր կանոնագրութեան եւ կամ օրէնքի մը պատրաստութիւնը վարչական որոշումներով առօրեայ երեւոյթը փրկելու ջանքերը ընկալուած են որպէս միջոց։

Համայնքային ու թաղային հիմնարկներու վարչական մարմինները օժտուած են անոնց շահերը պաշտպանելու պարտականութեամբ։ Հետեւաբար «Համայնքային ու թաղային մարմիններու ընտրութեան կանոնագրութիւնը» պէտք է կեանքի կոչել վերստին կանոնաւորելով, որպէսզի կարելի ըլլայ ժողովուրդի կամքը դրսեւորող ընտրութիւններ կատարել ու նոր վարչութեանց ընտրութիւններով ապահովել համայնքային կեանքի վերանորոգութիւնը, բան մը որ հարկաւոր է իրականացնել առանց յապաղումի։

Մինչեւ համայնքային ու թաղային հիմնարկներու նոր վարչական մարմիններու ընտրութիւնը, որպէս առժամեայ լուծման միջոց ընկալուած է վարչութեանց կազմերէն ներս պակսած անդամները վարչութեան անդամներու նախատեսած ու ներկայացուցած նոր անուններով լրացնել։ Երբ նկատի ունենանք մեր համայնքային ընկալեալ աւանդութիւնները եւ արդար վարչութիւն ունենալու մերձեցումը, սոյն կիրարկումը, որ առաջին իսկ մէկ օրէն քննադատելի նկատուած է, կրնայ դուռ բանալ անպատշաճ վիճակներու։

Երբ այս է վիճակը, կարգ մը վարչութիւններ իրենց վարչական կազմը լրացնելու ձեռնարկած են առաջին աստիճանի ազգականներով, որոնց մասին արձագանգած են մամլոյ սիւնակները։ Յաչս համայնքի անդամներու եւ այլ վարչական մարմիններու, այս վիճակը ընկալուած է որպէս անհանգստացուցիչ պարագայ։ Կրօնական ժողովը այս պարագան նկատի ունենալով կը բաժնէ համայնքի անդամներու համայնքային ու թաղային մարմինները արդարօրէն վարելու կապակցութեամբ ունեցած մտահոգութիւնները։ Նաեւ սոյն զգայնութիւնները յանձնած է պատկան մարմիններու նկատառման։

Մեր համայնքային ու թաղային հիմնարկները ենթակայ են մեր պետութեան քննարկման։ Նկատելով, որ հիմնարկներու վարչութեանց հետ առընչուած կաղացումները պատկան մարմիններու ուշադրութեան յանձնուած են եւ այս առումով ալ անմիջական լուծման յանգելու աշխատանքները կը շարունակուին, կը մնանք աղօթող՝ հարկաւորը ձեռք բերելու ուղութեամբ։

ԴԻՒԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ

1 յուլիս 2020
12176

Հինգշաբթի, Յուլիս 2, 2020