ԱԼԻՍ ՊԱՅՐԱՄԷՆ ՀԵՐՔՈՒՄ

Համայնքային շրջանակներէ ներս օրակարգի վրայ մնալ կը շարունակէ Էսաեան վարժարանի նոր տնօրէնուհիի նշանակման հարցը։ Երէկ հաղորդած էինք, որ միջնակարգի նոր տնօրէնուհիի պաշտօնը կը ստանձնէ Անիլտա Մանթօ Մենեքշէ։ Անպաշտօն լսումներու հիման վրայ հաղորդած էինք, որ լիսէի բաժնի տնօրէնուհիի պաշտօնը կրնայ ստանձնել Ալիս Պայրամ, որ անցեալ տարեշրջանին լքեց Տատեան վարժարանի տնօրէնուհիի պաշտօնը։

Այս լսումներուն կապակցութեամբ երէկ յետմիջօրէին խմբագրութեանս հետ հեռաձայնային կապ հաստատեց Ալիս Պայրամ։ Այս առթիւ ան յայտնեց, որ ներկայիս Իսթանպուլէն դուրս կը գտնուի եւ համացանցի միջոցաւ հետեւած է թերթիս հաղորդումներուն։ Ան յայտնեց, որ Էսաեան լիսէի տնօրէնուհիի պաշտօնի իր կողմէ ստանձնուիլը որեւէ ձեւով խնդրոյ առարկայ չէ։ Ուստի, ան խնդրեց, որ հաւատք չընծայուի այդ լսումներուն, որոնք ծնունդ առած են Տատեան վարժարանի նախկին ուսուցչուհիներէն մէկուն Էսաեանէ ներս միջնակարգի տնօրէնուհիի պաշտօնին կոչուելուն բերումով։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2020