ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԱՆԳԱՐԱ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ միօրեայ այցելութիւն մը տուաւ մայրաքաղաք Անգարա, ուր մասնակցեցաւ Ազգային մեծ ժողովի նոր նստաշրջանի բացման նիստին եւ անոր յաջորդած պաշտօնական ընդունելութեան։ Նորին սրբազնութեան ընկերացաւ Կրօնական ժողովէն Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։

Ազգային մեծ ժողովի նոր նստաշրջանի բացման առթիւ սարքուած պաշտօնական ընդունելութեան ժամանակ նորին սրբազնութիւնը առիթն ունեցաւ զրուցելու խորհրդարանի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփի հետ։ Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան հաւաքոյթի ընթացքին ձեռնուեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հետ, որ արտասանեց խորհրդարանի նոր նստաշրջանի բացման ճառը։

Երէկ երեկոյեան իսկ Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան եւ Տ. Գրիգոր Ա. Քահանայ Տամատեան վերադարձան քաղաքս։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2019