ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՍԵԲԱՍՏԱՑԻՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ ընդունեց Սեբաստահայերու եւ համակիրներու միութեան ատենապետ Սեպուհ Քոչաքն ու անդամներէն Անդրանիկ Քէօսէտաղը եւ Երուանդ Տուրմազկիւլէրը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հայրաբար ողջունեց հիւրերը եւ ընդգծեց, որ դէպի գաւառ նախատեսուած հովուապետական այցելութիւնները այս շրջանին յետաձգուած են՝ քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով։ Նորին Ամենապատուութիւնը ընդգծեց, որ հակառակ Պոլիսէն հեռու գտնուելու հանգամանքին՝ Պատրիարքական Աթոռը չի մոռնար գաւառի մերազն ժողովուրդը ու միշտ պատրաստ է անոնց հոգեւոր կարիքները դիմագրաւելու։

Նորին Ամենապատուութիւնը այս առթիւ գնահատեց նաեւ միութեան գործունէութիւնը՝ փոխանցելով օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքները։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 2, 2020