ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ երեկոյեան Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ մասնակցեցաւ հաւաքոյթի մը։ Պատրիարքական ընտրութեան ընդառաջ սա նորին սրբազնութեան հերթական հանդիպումներէն մին էր ժողովուրդին հետ։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ համախմբուեցաւ իր համակիրներուն հետ։ Երեկոյթը վարեցին Խաչիկ Ճանէլ եւ Յովսէփ Արզուման։ Ինչպէս այլեւս դարձած է օրինաչափութիւն նման հաւաքոյթներու պարագային, երեկոյթի ընթացքին նախ ներկայացուեցաւ նորին սրբազնութեան կենսագրութիւնը, իսկ աւելի վերջ ան խորհրդածութիւններ ըրաւ համայնքային օրակարգի զանազան նիւթերուն շուրջ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 2, 2019