ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՐԵՒԱԳԱԼԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

Պոլսոյ մէջ, տարիներ շարունակ Մեծ պահոց շրջանին աւանդութիւն եղած է քաղաքի զանազան եկեղեցիներուն մէջ Արեւագալի արարողութիւններ կատարել եւ Բանին Կենաց քարոզութեամբ հաւատացեալ ժողովուրդին հոգեւոր սնունդ մատակարարել։

Այս աւանդութիւնը այս տարի եւս սկիզբ առաւ Մեծ պահոց առաջին չորեքշաբթի օրէն սկսեալ։ Պատրիարքարանի տնօրինութեամբ նշանակուած վեղարաւոր հայրեր սկսան հանդիսապետել Արեւագալի արարողութեանց եւ քարոզել Մեծ պահոց խորհուրդը։

Արեւագալի արորողութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ 7 ժամերգութիւններէն մին է, որ յատկապէս Մեծ պահոց շրջանին յատուկ ուշադրութեամբ կը կատարուի քաղաքիս մէջ։ Արարողութեան աղօթքներուն եւ շարականներուն ընդմէջէն կը հաստատուի Քրիստոսի Ճշմարիտ Լոյս ըլլալու հանգամանքը եւ այս առումով աղօթք կը բարձրանայ առ Աստուած, որպէսզի հաւատացեալներու հոգիներուն վրայ ծագի կենդանարար լոյսը։

Երէկ առաւօտ, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ առաջին Արեւագալը, որուն ներկայ էին միաբան հայրեր ու քահանաներ։ Երգեցողութիւնները տեղի ունեցան ներկայ հոգեւոր հայրերու եւ դպիրներու կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեանի։

Արեւագալի արարողութեան աւարտին ներկայ հոգեւորականներ ծնկաչոք երգեցին «Տէր ողորմեա»ն, որով աղերսեցին խաղաղութիւն, բժշկութիւն եւ մեղքերու թողութիւն։ Նաեւ երգուեցան Ս. Խաչի նուիրուած շարականներ եւ բոլոր հիւանդներու առողջութեան համար արտասանուեցաւ «Փարատեա» աղօթքը։

Ապա Նորին Ամենապատուութիւնը իր պատգամները փոխանցեց։ Ան նախ «Տէր, եթէ զշրթունս իմ բանաս, բերան իմ երգեսցէ զօրհնութիւնս քո» սաղմոսը մեկնաբանեց եւ ներկայացուց ապաշխարութեան եւ Մեծ պահքի նշանակութիւնը։ Ան խօսեցաւ Մեծ պահոց նորոգիչ զօրութեան մասին եւ յիշեցուց, որ Մեծ պահքը Քրիստոսով վերանորոգուելու շրջան է։ Նորոգութիւն բառը գեղեցիկ հնչելով հանդերձ, մարդկութիւնը երբեմն չի գիտեր, թէ ինչպէս պէտք է նորոգուի։ Այս պահուն եկեղեցւոյ ուսուցումները մեզ կ՚առաջնորդեն, որպէսզի գտնենք նորոգութեան միջոցները։ Ուստի Մեծ պահոց շրջանին, եկեղեցին տարբեր առիթներով կը խրատէ հաւատացեալներուն եւ կը փորձէ զանոնք վերանորոգութեան ուղիին առաջնորդնել։

Քարոզէն յետոյ արարաղութիւնը իր աւարտին հասաւ միասնաբար արտասանուած Տէրունական աղօթքով եւ Պատրիարք Հօր վերջին օրհնութեամբ։

Այս տարի Նորին Ամենապատուութիւնը Մեծ պահոց շրջանին ամէն ուրբաթ պիտի նախագահէ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ կատարելի արարողութեանց եւ իր պատգամը պիտի փոխանցէ հաւատացելոց։ Սոյն արարողութիւններն ու քարոզխօսութիւնները Պատրիարքական Աթոռի «facebook»ի եւ «Լրաբեր»ի «youtube»ի էջերէն ուղիղ եթերով պիտի սփռուին։

Շաբաթ, Փետրուար 20, 2021