ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՀԱՄԵՐԳՆԵՐ

Պաքըրգիւղի ընտանիքը մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ անցեալ շաբթուան երկրորդ կէսին Տատեան վարժարանի երդիքին տակ կազմակերպուած «Ոմանք» խումբի իրերայաջորդ համերգներով։ «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» սրահին մէջ տեղի ունեցան համերգները, որոնց հրաւիրուած էին համայնքային վարժարաններէն աշակերտներ։ «Ոմանք» ապահովեց անոնց համար հաճելի ժամանց։ Պաքըրգիւղի մշակութային ձեռնարկներու յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս համերգներուն ժամանակ «Ոմանք» անգամ մը եւս արդարացուց իր վրայ դրուած յոյսերը։

Բաց աստի, դպրոցի «Եթքին Պէրպէրօղլու» մարզասրահին մէջ ալ տեղի ունեցաւ միջվարժարանային վոլէյպոլի մրցաշարք մը, որու բացի մեր համայնքային վարժարաններէն մասնակցեցաւ նաեւ Զափիոն յունաց վարժարանը։  

Երեքշաբթի, Մարտ 20, 2018