ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՀՐԱՒԻՐՈՒԵՑԱՒ ՅՈՒՆԻՍԻ 9-Ի «ԿՈՄԻՏԱՍ» ՔԱՌԵԱԿԻ ՀԱՄԵՐԳԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեանն ու ներկայացուցչութեան խորհրդական Նաղաշ Յակոբեանը։ Զրոյցի ընթացքին հիւրերը Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր բացատրութիւններ տուին ներկայացուցչութեան հիմնադրութեան 20-ամեակին առթիւ նախատեսուած յոբելենական ձեռնարկին շուրջ։ Ինչպէս արդէն յայտարարուած է, ներկայացուցչութեան նախաձեռնութեամբ, Հարպիյէի «Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ» համերգասրահին մէջ յունիսի 9-ին տեղի պիտի ունենայ Երեւանէն «Կոմիտաս» ազգային քառեակի համերգը։ Սահակ Սարգսեան եւ Նաղաշ Յակոբեան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հրաւիրեցին այս ձեռնարկին մասնակցելու։ Անոնք Նորին Ամենապատուութեան նկատառման յանձնեցին նաեւ, որ ծրագրին մասնակցութիւն պիտի բերեն նաեւ դաշնակահարուհիներ՝ Մելինա Սեճիկեան-Գույումճու եւ Սելէն Կիւլիւն։ Գեղարուեստական յայտագրին պիտի յաջորդէ նաեւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը։

Այս բոլորի լոյսին տակ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը արտայայտուեցաւ բարձր գնահատանքով։ Իրեն ներկայացուած հրաւէրը շնորհակալութեամբ ընդունելով՝ Նորին Ամենապտուութիւնը խոստացաւ անպայման ընդառաջել։ Ան համոզուած է, թէ «Կոմիտաս» ազգային քառեակի մակարդակով խումբի մը քաղաքիս մէջ համերգ տալը իսկապէս եզակի երեւոյթ մըն է, հետեւաբար այս ձեռնարկը գեղարուեստական մեծ վայելք մը պիտի դառնայ բոլոր մասնակիցներուն՝ մանաւանդ մեր համայնքին տեսակէտէ։

Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յաջողութեան մաղթանքներ յղեց ներկայացուցչութեան գործունէութեան համար՝ իր օրհնութիւնը տալով հայրենի դիւանագէտներուն։

Ուրբաթ, Մայիս 20, 2022