ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ ընդունեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեանն ու իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Շահէն Քահանայ Օհանեան։

Հանդիպման ընթացքին նորին սրբազնութիւնը ողջունեց հիւրերը, որոնցմէ տեղեկութիւններ ստացաւ Գուզկունճուքի եկեղեցւոյ ընդհանուր վիճակին, կալուածներու վերաբերեալ խնդիրներուն, թաղային խորհուրդին կողմէ ցարդ կատարուած կամ ձեռնարկուած շինարարական աշխատանքներուն եւ ընդհանուր ծրագրերուն շուրջ։

Հարկ է նշել, որ Գուզկունճուքի եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը նախատեսուած է 30 յունիսին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Խոր վիրապէ ելքի տօնի շաբաթավերջին։ Թաղականները այս առթիւ նորին սրբազնութեան հրաւէր ուղղեցին, որպէսզի հովանաւորէ տօնակատարութիւնները։

Հուսկ, Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան գնահատեց Գուզկունճուքի թաղային խորհուրդին կողմէ տարուած աշխատանքը, օրհնեց ծաւալուած գործունէութիւնը եւ յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։ 

Հինգշաբթի, Յունիս 20, 2019