Ի ՏԷՐ ՀԱՆԳԵԱՒ ՏՈՑ. ՏՔԹ. ՎԱՐԴ ՇԻԿԱՀԵՐ

Խոր սրտաբեկութեամբ տեղեկացանք, թէ մեր համայնքի հանրածանօթ դէմքերէն Տոց. Տքթ. Վարդ Շիկահեր իր հոգին աւանդած էր Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն մէջ:

Հոգելոյս Վարդ Շիկահեր, իրեն շատ սիրելի Մաքրուհեան վարժարանի հարիւրամեակին առթիւ պատրաստուած յուշամատեանի մէջ գրի առած սրտի խօսքին մէջ մէջբերելով իմաստասէրի մը բառերը, կը գրէր. «Յիշողութիւնը, կորուսեալ ժամանակի որոնումն է, փնտռտուքն է»։

Վարդ Շիկահեր, այսօր պատմութեան կը պատկանի իր լեցուն գաւաթով, յաւիտնապէս ապրելու համար լեցուն գաւաթէն թափած գիտելիքներէն ըմպած աշակերտներուն, ընթերցողներուն եւ առհասարակ զինքը մօտէն ճանչցողներու սրտերուն մէջ։ Եւ մենք կը փորձենք անդրադառնալ իր կեանքի ցայտուն գիծերուն որպէս առիթ յիշատակութեան, որպէսզի մարդկային յիշողութիւնը անցեալ ժամանակի ոլորտներէն ներս կարենայ գտնել այն ինչ որ՝ կը փնտռէ։

Այսօր մեր զգացած ցաւին մէջ կը դժուարանանք արտայայտուիլ բազմակողմանի հմտութեան տիրացած անձի մը մասին։ Վարդ Շիկահեր նախ եւ առաջ զաւակն էր հոգելոյս Տ. Թովմա Աւ. Քահանայի։ Քահանայական այս ընտանիքն էր իր առաջին բարոյական վարժարանը, որուն երդիքին տակ կը բուրէր Նիկոմիդիոյ գաւառի քրիստոնէական հայադրոշմ շունչը։ Թէ՛ հանգուցեալէն եւ թէ զինքը մօտէն ճանչցողներէ լսած ենք, թէ ընտանեկան յարկը հաւաքավայրն էր Նիկոմիդիոյ գաւառի շունչով սնած քահանայ հայրերու եւ կրթական մշակներու, որոնք իրենց գլխէն անձած տաք ու պաղ ջրերէն յետոյ նուիրուած էին Հայորեաց դաստիարակութեան։ Այս ընտանիքին քրիստոնէական հայադրոշմ շունչը, փոխանցուած շունչն էր Նիկոմիդիոյ անմոռանալի առաջնորդին՝ երանաշնորհ Ստեփանոս Արքեպիսկոպոս Յովակիմեանին։

Վարդ Շիկահերի երկրորդ ընտանիքը եղաւ իր նախակրթութեան վարժարանները՝ Պէշիկթաշի Մաքրուհեան, Թաքսիմի Էսաեան վարժարանները։ Այս ընտանիքը բարոյական վարժարանի աշակերտին մէջ վառեց գրաճանաչութեան եւ ապա՝ գրասիրութեան հուրը։ Ո՞վ գիտէ։ Գուցէ իր առաջին աշակերտական քայլերուն ընթերցանութեան ընդմէջէն իր հոգւոյն մէջ առկայծիլ սկսաւ գրելու փափաքը։

Երրորդ ընտանիքը Մխիթարեան վարժարանն էր, ուր կրթական մշակներու առընթեր Վիեննական Մխիթարեան հայրեր կը գործէին իրենց կրթա-դաստիարակչական առաքելութեամբ։ Այդ երդիքին տակ կը թեւածէր Մեծ Սեբաստացիին՝ Մխիթար Աբբահօր վաստակը իր անդրադարձներով։ Մխիթարեանի երդիքը սկսաւ կերտել ապագայի գրչի մշակի կերպարը։ Հայ լեզուի, մատենագրութեան եւ գրականութեան գոհարները մի առ մի կը տողանցէին երիտասարդ Վարդի մտքի հորիզոնէն։ Գրչի մելանը հոն սկսած էր պատրաստուիլ, ապագային հոսելու համար սպիտակ թուղթի վրայ, որպէսզի թուղթը գրական արժէք ստանար։ Մխիթարեանի երդիքին տակ առաջին անգամ ի ձեռին ունեցաւ Մեծն Սեբաստացիի բառարանի հատորները, որոնք գրաբարի բուրմունքը կը փոխադրէին աշխարհաբարի։ Բառեր՝ զորս կարելի չէր օգտագործել առօրեայ խօսակցութեան մէջ, որոնք շուարումի կը մատնէին ի տես Հայ լեզուի հարստութեան ու անկողոպտելի գանձին։ Գուցէ այդ ընտանիքին երդիքին տակ ընտելացած էր մեր ոսկեղննիկ գրաբարին, այն աստիճան որ Աւագ Շաբթուն Խաւարման գիշերային ժամերգութեան առաջին աւետարանը շատ հանգստութեամբ գրաբար բնագրի վրայէն կ՚ընթերցէր աշխարհաբարով, բան մը որուն անձնապէս վկայ եղած ենք բազմիցս։ Նաեւ իր ձեռքբերած գրաբարի հմտութեամբ Հայ Եկեղեցւոյ պատարագամատոյցը վերածած էր աշխարհաբարի։

Վարդ Շիկահեր ունեցաւ չորրորդ ընտանիք մը եւս. Իսթանպուլի համալսարանի Բժշկական ֆաքիւլթէն իր դասախօսներով։ Այս բարձրագոյն կրթարանը յանձին Վարդ Շիկահերի կերտեց Հիփոքրաթի ուխտեալ հետեւորդ մը, որ յետագային պիտի դառնար իր մասնագիտութեան քաջատեղեակ սրտաբան մը, նաեւ ակադեմական տիտղոսաւոր մը։ Որքա՜ն քաղցր էր լսել իրմէ Մաքրուհեանի մանկապարտէզէն դէպի ակադեմական մասնագիտութիւն առաջնորդող կեանքի գծին զանազան հանգրուաններուն մասին։

Տոց. Տքթ. Վարդ Շիկահեր այսօր անցած է յաւիտենականութեան։ Իր կերտած բարոյական յուշարձանին վրայ կը փայլին Հայ լեզուի ու գրականութեան ոգեշնչող կրթական մշակի, Հայ գիրի ուխտեալ սպասաւորի, Էսաեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչի հանգամանքով կրթանուէր ծառայողի տիպարները։ Այս բարոյական յուշարձանը կը կրէ նաեւ շքանշաններ, որոնք վկաներն են Վարդ Շիկահերի գրական անկորնչելի վաստակին։ Երանաշնորհ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսէն՝ Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ, երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքէն՝ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի Ա. Կարգի Պատուոյ, Հայաստանի Հանրապետութեան Մշակոյթի նախարարութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան «Մովսէս Խորենացի» շքանշանները։ Այս բոլորը ի մի համախմբուած, մեզի կը յայտարարեն պոլսահայ մտաւորականի մը երախտաշատ ծառայութիւնը Հայ գրականութեան անդաստանին մէջ։

Իւրաքանչիւր մտաւորականի մահը երկու փոս կը բանայ. մին՝ գերեզմանին մէջ որ կը լեցուի հողի յանձ-նըւած դագաղով, իսկ երկրորդը՝ թողած պարապութիւնն է մեր կեանքէն ներս, եւ այդ փոսը յաճախ կը մնայ դատարկ։ Ուրեմն մենք յոյսով պարտինք մաղթել, որ Ամենակալն Աստուած դատարկացած մեր փոսերը լեցնելու առաքելութեամբ նոր անհատներ յարուցանէ մեր դարաւոր մշակութային կեանքի բարգաւաճման համար։

Աստուած հոգին լուսաւորէ եւ երկնային անթառամ պսակին արժանացնէ։ Իր ընտանեկան հարազատներուն, ազգական ու բարեկամներուն քաջառողջ կեանք եւ Սուրբ Հոգւոյ մխիթարութիւն պարգեւէ։

«Քրիստոս Աստուած մեր, հանգո զհոգի Վարդ ծառայիս քո այսորիկ եւ հանգո զնա այցելութեամբ ի լոյս երեսաց քոց». Ամէն։

ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Յուլիս 2020, Գնալը կղզի

Երկուշաբթի, Յուլիս 20, 2020