ՈՒՍՈՒՑՉՈՒՀԻ ԼԵՌՆԱ ԳԱՐԱԳԻՒԹԻՒՔ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

Հայերէնի վաստակաւոր ուսուցչուհի Լեռնա Գարագիւթիւք վերջերս հիւրընկալուեցաւ Պէզճեան Մայր վարժարանէն ներս։ Ան Մայր վարժարանի մէջ ներկայացուց «Դպրոցի ճամբուն վրայ» խորագրեալ վերջին գիրքը, որով իր ներդրումը բերած է մեր մանկական գրականութեան։ Գիրքին առանձնայատկութիւններէն մին է, որ նկարազարդուած է Էսաեան վարժարանի սաներուն կողմէ։

Պէզճեանի մէջ կազմակերպուած ձեռնարկին ժամանակ հեղինակին եւ աշակերտներուն միջեւ ստեղծուեցաւ ջերմ հաղորդակցութիւն մը։ Տղաքը թէ՛ ընթերցեցին գիրքէն հատուածներ եւ թէ կատարեցին մեկնաբանութիւններ։ Անոնք խօսեցան նաեւ իրենց նախասիրութիւններուն եւ հերուսներուն մասին։ Հետաքրքրական էր, որ տղաքը նոր խորագրեր ալ գտան նիւթերուն համար։ Լեռնա Գարագիւթիւքի հսկողութեան ներքեւ Պէզճեանի սաները նոր հեքիաթներ ալ յօրինեցին իրենց մատուցուած բառերով։

Դպրոցէն հրաժեշտ առնելէ առաջ Լեռնա Գարագիւթիւք պէզճեանցի սաներուն համար մակագրեց իր գիրքերը։ Այցելութեան աւարտին տեղի ունեցաւ նկարահանում։

Երեքշաբթի, Յունուար 21, 2020