ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ՖՈՒԹՍԱԼԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած եւ հանգուցեալ վարչայիններէն Տիգրան Սարկաւագեան Արզուեանի յիշատակին ձօնուած ֆութսալի մրցաշարքը այս տարի եւս կ՚արժանանայ մարզասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան։ Վեց խումբերու մասնակցութեամբ տեղի կ՚ունենայ այս մրցաշարքը, որու ծիրէն ներս առաջին հանդիպումները տեղի ունեցան անցեալ Երկուշաբթի։ Հինգ փուլերէ բաղկացեալ պայքարէ մը վերջ նախատեսուած են աւարտականները։ Այս տարի չորրորդ անգամ կը կազմակերպուի այս մրցաշարքը, որ պիտի եզրափակուի 9 Ապրիլին։

Շիշլի մարզակումբի վարչութիւնը այս մրցաշարքը կազմակերպելով կը նախատեսէ համախմբել մեր երիտասարդները եւ ապահովել անոնց մասնակցութիւնը այսպիսի մրցաշարքի մը՝ Թուրքիոյ ամենահին մարզակումբներէ մէկուն երդիքին տակ։ Բաց աստի, Շիշլի կը մասնակցի Թուրքիոյ ֆութպոլի լիկին եւ այս մրցաշարքը առիթ մը կը հանդիսանայ՝ ակումբի կազմը կարող ուժերով համալրելու կամ այդ ուղղութեամբ դիտարկումներ կատարելու տեսակէտէ։

Հարկ է յիշեցնել, որ Տիգրան Սարկաւագեան Արզուեան անընդմէջ քսան տարի գլխաւորած էր Շիշլիի ֆութպոլի բաժանմունքը։ Իր շրջանին ակումբը արձանագրած էր մեծ յաջողութիւններ։ Դժբախտաբար ան 1988 թուականին մահացած էր անժամանակ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 21, 2018