ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան հիւրընկալեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդին անդամները։ Ներկայ էր նաեւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։

Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց նորակազմ թաղային խորհուրդը ու անգամ մը եւս շնորհաւորեց իրենց ընտրութիւնը։ Նորընտիր վարչայինները շնորհակալութիւն յայտնեցին ընդունելութեան համար եւ ուրախութեամբ շեշտեցին, որ ընտրութենէն ետք ստացած են իրենց պետական վաւերացումը։ Անոնք յետվաւերացման իրենց անդրանիկ պաշտօնական այցելութեամբ եկած էին Պատրիարքարան՝ Նորին Ամենապատուութեան աղօթքն ու օրհնութիւնը ստանալու։

Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հայրական օրհնութիւնը տուաւ թաղային խորհուրդին ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց եկեղեցանուէր գործունէութեանց համար։

Երեքշաբթի, Փետրուար 21, 2023