ՄՈՒՍԹԱՖԱ ՍԱՐԸԿԻՒԼ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԸՆԴԱՌԱՋ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑ ԹԱՔՍԻՄ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲ

ՃՀՓ­-ի կող­մէ ե­րես­փո­խա­նի թեկ­նա­ծու ա­ռա­ջադ­րուած Շիշ­լիի նախ­կին քա­ղա­քա­պետ Մուս­թա­ֆա Սա­րը­կիւլ կը շա­րու­նա­կէ իր նա­խընտ­րա­կան քա­րո­զար­շա­ւը։ Այս շրջագ­ծով ան ե­րէկ այ­ցե­լեց Թաք­սիմ մար­զա­կումբ։ Հա­ւա­քոյ­թին ներ­կայ էր նաեւ Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն Վազ­գէն Պա­րըն։

Թաք­սիմ մար­զա­կում­բի վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Կա­րօ Հա­մամ­ճեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը նա­խա­ճա­շի սե­ղա­նի մը շուրջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին Մուս­թա­ֆա Սա­րը­կիւ­լը։ Ա­կում­բի Ֆէ­րի­գիւ­ղի մար­զա­դաշ­տի յա­րա­կից սրա­հին մէջ սար­քուե­ցաւ այս ան­մի­ջա­կան սե­ղա­նը, ո­րու ըն­թաց­քին Մուս­թա­ֆա Սա­րը­կիւլ փո­խան­ցեց մեր հա­մայն­քին ուղ­ղեալ ջերմ պատ­գամ­ներ։ Ներ­կա­նե­րը ի­րեն փո­խան­ցե­ցին յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թանք­ներ։

Հինգշաբթի, Մայիս 21, 2015