ՔԱՂԱՔԱՎԱՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ Թորոս Ալճան, վարժարանի տնօրէն Արմէն Սարուխանեան եւ փոխ-տնօրէնուհի Նեսրին Էրտէմ երէկ այցելութիւն մը տուին Սկիւտարի գաւառապետ Մուրատ Սեֆա Տեմիրեիւրէքին եւ Սկիւտարի Կրթական տնօրէն Սինան Այտընին։ Հանդիպումներու ընթացքին յանձնուեցան յուշանուէրներ։ Խնամակալութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ այցելութիւնները ունէին քաղաքավարական բնոյթ։ Զրոյցներու բովանդակութեան շուրջ այլ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուած։

Ուրբաթ, Օգոստոս 21, 2020