ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԻՆ ԱՅՑԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Ֆրանսայի աւագ հիւպատոս Օլիվիէր Կաուվին։

Մեծայարգ հիւրը, որ նոր ձեռնարկած է իր պաշտօնին, Պատրիարք Սրբազան Հօր քաղաքավարական այցելութիւն տալով, փափաքած էր ծանօթանալ հայ համայնքի հոգեւոր կեդրոնին։ Զրոյցի տեւողութեան Կաուվին առիթն ունեցաւ նաեւ շնորհաւորելու Նորին Ամենապատուութեան ընտրութիւնն ու գահակալութիւնը։

Պատրիարք Հայրը Օլիվէր Կաուվինին շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար եւ յաջողութիւն մաղթեց դիւանագիտական իր նոր պաշտօնին մէջ։ Նորին Ամենապատուութիւնը մասնաւորապէս շեշտեց, թէ Հայ Եկեղեցւոյ չորս կարեւոր կեդրոններէն է Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը եւ այս շրջագծով Աթոռոյ հովանաւորութեամբ Թուրքիոյ հնագոյն համայնքներէն մին՝ Հայ Համայնքը կը շարունակէ իր հոգեւոր եւ մշակութային կեանը։ Հանդիպման աւարտին Կաուվին շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Ամենապատուութեան ջերմ ընդունելութեան համար ու մեկնեցաւ Պատրիարքարանէն։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2020