ՄԱՅՐԵՆԻ ԼԵԶՈՒԻ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ ՁԵՌՆԱՐԿ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ երէկ ոգեւոր հանդէս մը տեղի ունեցաւ՝ Մայրենի լեզուի համաշխարհային օրուան առթիւ։ Ուսուցչական կազմէն Աննա Սարը Սեչքին, Թամար Մանկասար եւ Մելիս Սոլաքօղլու վերահսկած էին յայտագրի պատրաստութիւնը։ Օրուան ծրագիրը կ՚ընդգրկէր մայրենիի վերաբերեալ հարցումներու պատասխաններուն միասնաբար որոնումը։ Արամեան-Ունճեան վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլուն ալ ամփոփ ելոյթով մը անդրադարձաւ օրուան խորհուրդին։

Հուսկ, յարակից սանուց միութեան սրահի երդիքին տակ յայտագիրը ի կատար ածուեցաւ՝ խրախճանքի մը մթնոլորտին մէջ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 22, 2024