«ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՈԳԻՆ»

Երէկ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գալֆաեան տան խնամակալութենէն Վիլմա Քարան եւ Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամներէն Նատին Վանլըօղլու-Թաշը։

Զրոյցի ընթացքին հիւրերը տեղեկութիւններ փոխանցեցին այս երկու կրթօճախներուն ի նպաստ նախատեսուած «Զօրակցութեան ոգին» խորագրեալ ցուցահանդէսի մասին, որու ընթացքին պիտի ներկայացուին Հայաստանէն նկարիչ Տ. Ներսեհ Վրդ. Խալաթեանի ստեղծագործութիւնները։ Ձեռնարկը կազմակերպուած է Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հովանաւորութեամբ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 22, 2024