ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ՇՈՒՐՋՊԱՐԵՐ

Պայծառակերպութեան տաղաւարի շաբաթավերջի տօնակատարութիւններուն արձագանգները կը շարունակուին։ Այս տարի Վարդավառի տօնը արտասովոր խանդավառութեան առիթ հանդիսացաւ մեր համայնքէն ներս։ Մինչ երկար ժամանակ վերջ մեր եկեղեցիներէն ներս հաւատացեալներու մասնակցութեամբ արարողութիւն տեղի ունեցաւ, Գնալըի մէջ տօնական հրճուանքը արդէն յորդեցաւ եկեղեցւոյ սահմաններէն դուրս։ Պարուսոյց Յակոբ Արի Կիւլէչ եւ իր սաները կղզիի փողոցներուն մէջ տարածեցին տօնական ուրախութիւնը։ Անոնք հայկական աւանդական շուրջպարեր բռնեցին եւ իրենց բացօթեայ ելոյթները մեր համայնքի անդամները խանդավառեցին մեծապէս։ Անշուշտ, այդ շուրջպարերուն ժամանակ վերակենդանացաւ նաեւ զիրար թրջելու, իրարու վրայ ջուր թափելու աւանդութիւնը։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 22, 2020