ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ՃԱՏՐԱԿԻ ԵՐԿՈՒ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Շիշլի մարզակումբի վարչութիւնը վերջերս Գնալը կղզիի մէջ կազմակերպեց ճատրակի երկու մրցաշարք։ Այս մրցաշարքերէն մին կազմակերպուեցաւ «Ճաշ» զբօսարանի սեփականատէր Տայք Միրիճանեանի հետ համագործակցութեամբ։ «Ճաշ»ի մէջ կազմակերպուած մրցաշարքի դափնեկիրները հանդիսացան՝ Ուլաշ Եուրտսեւէր, Տեմիր Տեմիրքըր եւ Տարօն Սիրականեան։

Եօթ տարեկաններու դասաւորման մէջ դափնեկիր հանդիսացան՝ Աղասի Միսիսեան, Քարլա Կիւլսիւն եւ Արաս Թորուն։

Ինն տարեկաններու դասաւորման մէջ՝ Ռաֆայէլ Մխճեան, Լուքաս Կեզէր եւ Լուքա Մաղզալճըօղլու։

Տասը տարեկաններու դասաւորման մէջ՝ Էտվին Աքմերճան, Միրա Եիղիթէր եւ Արսէն Գովան։

Տասներկու տարեկաններու դասաւորման մէջ Տեմիր Տեմիրքըր, Կիրայ Պաթու Սորկուն եւ Արեգ Միսիսեան։

Տասնվեց տարեկաններու դափնեկիրները կը համարուին այս մրցաշարքի բուն յաղթողները, որոնց անունները նշուած են վերը։

Կղզիի մէջ երկրորդ մրցաշարքը կազմակերպուեցաւ ի յիշատակ Ալեքս Տաղլըեանի։ Այս տարի չորրորդ անգամ կազմակերպուած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Հարկ է նշել, որ Ալեքս Տաղլըեան մաս կազմած էր Շիշլի մարզակումբի թէ՛ ճատրակի եւ թէ պասքեթպոլի կազմերուն։ Մրցաշարքի իրաւարարն էր Սարվէն Չաքմաք։ Պարգեւատրման արարողութեան ընթացքին կղզեաց տեսուչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան աղօթք արտասանեց հանգուցեալ Ալեքս Տաղլըեանի հոգւոյն ի հանգիստ։ Դափնեկիրները հանդիսացան հետեւեալները.

Վարպետներու դասաւորման մէջ՝ Արի Քիրեմիթճեան, Պերքայ Էքինճի, Հիլալ Էօզթիւրք, Ալէն Նալպանտեան, Արսէն Տեմիրճիօղլու, Սայաթ Ճիրօղլու։

Բաց դասաւորման մէջ՝ Լեւոն Չաղլա, Արաս Թորոսօղլու, Դաւիթ Իւկէ, Մինա Խանամիրեան, Այգ Կեզէր։

Վեց տարեկաններու դասաւորման մէջ՝ Քարլա Կիւլսիւն։

Եօթ տարեկաններու դասաւորման մէջ՝ Սարին Մայա Աքեիւզ, Արաս Թորուն։

Ութ տարեկաններու դասաւորման մէջ՝ Լուքաս Կեզէր, Մասիս Խաչիկեան, Մուրատ Թորուն։

Ինն տարեկաններու դասաւորման մէջ՝ Ժիլպէռ Ժան Սոմէր, Արին Ռոյ Սոմէր, Ռաֆայէլ Մխճեան։

Տասն տարեկաններու դասաւորման մէջ՝ Արա Ճանէլ, Էտվին Աքմերճան, Այգ Նարեկ Տիքիճի։

Տասնմէկ տարեկաններու դասաւորման մէջ՝ Շանթ Կիւլսիւն, Լիյա Եուրթկիւլիւ, Տիրան Մամիկոնեան։

Տասնվեց տարեկաններու դասաւորման մէջ՝ Դաւիթ Իւկէ, Այգ Կեզէր, Տարօն Սիրականեան։

Քսան տարեկաններու դասաւորման մէջ՝ Լեւոն Չաղլա, Մինա Խանամիրեան, Ռոտա Այազ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 22, 2017