ԱՆԽԱՓԱՆ ՔԱՐՈԶԱՐՇԱՒ

Պատրիարքական Աթոռի 85-րդ գահակալի ընտրութեան գործընթացին մէջ տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան ամբողջ թափով յառաջ կը տանի իր նախընտրական ծրագիրը։ Անխափան ու յաջող քարոզարշաւի մը մթնոլորտին մէջ նորին սրբազնութիւնը կ՚ունենայ ժողովրդական հանդիպումներ, որոնց միջոցաւ կը ջանայ իր պատգամները լսելի դարձնել մեր համայնքին համար։ Այս հանդիպումներուն ընթացքին Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան կը համախմբուի իր համախոհներուն եւ համակիրներուն հետ եւ մեկնաբանութիւններ կ՚ընէ համայնքային կեանքի ընդհանուր ընթացքին շուրջ։

Այս ամբողջին մէջ նորին սրբազնութեան մասնակցութեամբ կազմակերպուած ժողովրդական հանդիպումներու կարեւորագոյններէն մին երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հայահոծ Պաքըրգիւղի մէջ։ Թաղի Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս երեկոյթը, զոր վարեցին իրաւաբան Արման Աթընըզ եւ Խաչիկ Ճանէլ։ Հաւաքոյթի նպատակին հետ ուղիղ համեմատութեամբ՝ նախ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կենսագրականը ներկայացուեցաւ, իսկ աւելի վերջ երեկոյթը շարունակուեցաւ անմիջական զրոյցի մը ձեւաչափով, հարցում-պատասխանով։

Երեկոյթի ընթացքին տեղապահ սրբազան հայրը շատ կարեւոր խորհրդածութիւններ ըրաւ պատրիարքական ընտրութեան անյետաձգելիութեան շուրջ։ Ան շեշտեց, որ մեր համայնքը 12 տարիէ ի վեր չունի պատրիարք մը եւ այդ պակասը միշտ եղած է զգալի։ Առանց պատրիարքի մնացած ըլլալու հետեւանքները թուարկելու առընթեր՝ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան բացատրեց, որ թրքահայութիւնը դարձած է տակնուվրայ համայնք մը։ «Այս պատճառով մենք պէտք է ընտրենք մեր պատրիարքը», ըսաւ ան եւ ցաւ յայտնեց, որ ներկայիս կան կարգ մը շրջանակներ, որոնք կը փափաքին, թէ մեր համայնքը մնայ առանց պատրիարքի։ «8 դեկտեմբերին պատգամաւորները պիտի ընտրենք եւ 11 դեկտեմբերին ալ պիտի կատարենք պատրիարքական ընտրութիւնը։ Տարիներու բեռը այսպէսով պիտի թօթափենք մեր ուսերէն», ըսաւ նորին սրբազնութիւնը։

Հարցումներու պատասխանելու ժամանակ, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան ի մէջ այլոց դիտել տուաւ նաեւ, որ պատրիարք ընտրուելու պարագային ջանք պիտի գործադրէ՝ համայնքային հաստատութիւններու առկախեալ ընտրութեան խնդրի լուծման ուղղութեամբ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2019