Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ԿԻՐԱԿԻ ՀԱՄԵՐԳՈՎ ՄԸ ՀԱՆԴԷՍ ՊԻՏԻ ԳԱՅ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի խմբավար Ատրուշան Հալաճեանը, երգեհոնահարուհի Լիւսի Գահվէճիօղլուն եւ տնօրէն խորհուրդի ատենապետ Ալպէռ Կիւլպէնկը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք մեզի տեղեկացուցին, որ Ֆէրիգիւղի դպրաց դասը ներկայիս կը նշէ իր հիմնադրութեան 110-ամեակը։ Սա անշուշտ յատկանշական փուլ մը կը համարուի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի գործունէութեան ամբողջին մէջ։ Ուրեմն, արժեւորելու համար դպրաց դասու այս յոբելեանը, Ս. Վարդանանց երգչախումբը այս կիրակի համերգով մը հանդէս պիտի գայ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ։

Երգչախումբի ներկայացուցիչները ընդգծեցին, որ փափաքած են դպրաց դասու յոբելեանը առարկայ դարձնել պատշաճ ուշադրութեան, ուստի եւ կազմակերպուած է այս համերգը։ Ֆէրիգիւղցիները կ՚ակնկալեն, որ երաժշտասէր հասարակութիւնը հետաքրքրութիւն ցոյց կու տայ շաբաթավերջի ձեռնարկին նկատմամբ։

Մենք եւս կը շնորհաւորենք դպրաց դասու յոբելեանը՝ մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ։

Հինգշաբթի, Մայիս 23, 2019