ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԼԻՍԷԻ ԲԱԺՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ

Երէկ երեկոյեան Էսաեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ 2016-2017 կրթական շրջանի ընթացաւարտներու հրաժեշտի հանդիսութիւնը։ Դպրոցէն ներս մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց շրջանաւարտներուն ի պատիւ կազմակերպուած այս ձեռնարկը եւ Էսաեանի ընտանիքը յարատեւ յաջողութեան մաղթանքով հրաժեշտ տուաւ ընթացաւարտներուն։

Դպրոցի պարտէզին մէջ կազմակերպուած բացօթեայ երեկոյթը ստեղծեց տօնական տրամադրութիւն։ Ընթրիքի սեղաններու շուրջ համախմբուած հիւրերը ուրախակից եղան շրջանաւարտներուն եւ բաժնեցին անոնց խանդավառութիւնը։ Սեղանը օրհնեց Տ. Թաթուլ Ծ. Վարդապետ Անուշեան։ Ներկայ էին Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի փոխ-ատենապետ Վահրամ Վարդանեան եւ իր ընկերները, Էսաեանի ընտանիքին պատասխանատուները, վարժարանի ուսուցչական կազմը, ծնողներ եւ հիւրեր։

Յայտագիրը գործադրուեցաւ Նաթալի Պարսամեանի եւ Էտկար Իգիթեանի հանդիսավարութեամբ։ Ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Էսաեան լիսէի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան, որ շրջանաւարտներուն յաջողութիւն մաղթեց ապագայ կեանքի մէջ։ Ընթացաւարտ դասարանին անունով հրաժեշտի խօսքեր արտասանեցին Մարկարիթա Սարտարեան, Գարին Մանթօ եւ Պերքայ Ֆըստըքճը։ Շրջանաւարտներուն իր օրհնութիւնն ու շնորհաւորութիւնը փոխանցեց նաեւ Տ. Թաթուլ Ծ. Վարդապետ Անուշեան, որ աշակերտներուն յորդորներ փոխանցեց՝ որպէսզի ապագային աշխատին յամառօրէն եւ իրենց կեանքի ողջ տեւողութեան փարած մնան մեր արժէքներուն։ Յայտագրին տեւողութեան Այլին Էօճալ եւ Կիւլին Տիւլկէր ներկայացուցին երգ մը, երաժշտութեան ուսուցիչ Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ։ Տղաքը պատրաստած էին նաեւ խմբերգ մը, որու մէջ արտայայտութիւնը գտաւ իրենց Էսաեանի սան ըլլալու զգացումը։ Յայտագրին մաս կազմեցին նաեւ աշակերտներու պարերը։

Աւելի վերջ շրջանաւարտները ստացան իրենց վկայականները եւ յիշատակները։ Յաջողագոյն շրջանաւարտներուն յանձնուեցան նաեւ այլ պարգեւներ։ Հաւաքոյթի խանդավառութիւնը գագաթնակէտին հասաւ ընթացաւարտներուն ի պատիւ պատրաստուած կարկանդակի հատման փուլին։ Բոլորը ծափահարութիւններով ողջունեցին շրջանաւարտները, որոնք իրենց հերթին կ՚ապրէին թէ՛ լիսէն աւարտելու ուրախութիւնը եւ թէ իրենց դասընկերներէն բաժնուելու անխուսափելի յուզումը։

Երաժշտական ծրագրի գործադրութեամբ շրջանաւարտները հաճելի ժամանց ունեցան մինչեւ ուշ գիշեր։

 

Ուրբաթ, Յունիս 23, 2017