ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆՑԻ ՍԱՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Գարակէօզեան Տան խումբ մը սաներ երէկ այցելեցին Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցին՝ ուղեկցութեամբ իրենց հայերէնի ուսուցիչներուն։ Այս այցելութիւնը կազմակերպուած էր Ս. Թարգմանչաց տօնին առթիւ եւ անոր նպատակն էր աշակերտներուն ծանօթացնել Ս. Թագաւոր եկեղեցին՝ պատմութիւնով եւ առաքելութիւնով հանդերձ։ Տղաքը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի եւ հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Ա. Քահանայ Տամատեանի կողմէ։ Աշակերտները մասնակցեցան առաւօտեան ժամերգութեան եւ արարողութեան աւարտին ստացան հայր սուրբի օրհնութիւնը։

Ժամերգութեան աւարտին, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան խումբի անդամներուն փոխանցեց զանազան բացատրութիւններ։ Այնուհետեւ տղաքը եւս հնարաւորութիւն ունեցան հարցումներ ուղղելու։ Ստեղծուած անմիջական մթնոլորտին մէջ ծաւալուեցաւ ջերմ զրոյց մը։ Ի յիշատակ այցելութեան գարակէօզեանցիները հայր սուրբին եւ տէր հօր նուիրեցին Մեծն Կոմիտաս Վարդապետին նկարը։ Գարակէօզեանցիներու խումբին համար պատուասիրութիւն մըն ալ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ յարակից «Պալըքճեան» սրահին մէջ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2019