ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ՕՐ ՄԸ. ՆԱԽ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ, ԱՊԱ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑԻ

Երէկուան օրը որքան յուզիչ այնքան ալ պատմական էր։ Գումգաբուի մէջ աննախընթաց իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան եւ կողակիցը՝ Էմինէ Էրտողան Գումգաբու ժամանեցին անվտանգութեան խիստ միջոցներու մթնոլորտին մէջ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ անոնք դիմաւորուեցան Պատրիարքարանի մուտքին։ Նախագահ Էրտողան առաջին հերթին առաջնորդուեցաւ Պատրիարքարան, ուր Նորին Ամենապատուութեան աշխատասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ դռնփակ հանդիպում մը, որ տեւեց շուրջ կէս ժամ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ քանի մը հոգեւոր հայրեր։ Այս փուլին մասնակցեցան նաեւ Հանրապետութեան նախագահի ընկերակից քանի մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Նախագահ Էրտողան Պատրիարքարանէն վերջ առաջնորդուեցաւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցի։ Ան յուղարկաւորութեան ամբողջ ընթացքին հետեւեցաւ դասին մէջ իրեն համար զետեղուած մասնաւոր բազկաթոռէն՝ միշտ Առաջին տիկին Էմինէ Էրտողանի հետ։ Յուղարկաւորութեան աւարտին Էրտողան ամոլը նախ ցաւակցեցաւ Էսաեան ընտանիքին։ Աւելի վերջ, Հանրապետութեան նախագահը դամբանական մը խօսեցաւ Մայր եկեղեցւոյ ատեանին մէջ զետեղուած՝ նորոգ հանգուցեալ երեսփոխան Մարգար Էսաեանի դագաղին գլուխը։ Այս փուլէն վերջ նախագահ Էրտողան դուրս եկաւ եկեղեցիէն եւ հրաժեշտ առաւ Գումգաբուէն։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 23, 2020