ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 154-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԱՌԹԻՒ ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏՈՒՀԻ ՏԻԱՆԱ ԳԱՄԲԱՐՈՍԵԱՆԸ

Երէկ, Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց Գալֆաեան Տան տարեկան տօնախմբութեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, ներկայ եղան նաեւ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան եւ Քոյր Գայիանէ Կսրկ. Տուլքատիրեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան Սահակեան դպրաց դասու անդամներուն կողմէ՝ առաջնորդութեամբ եւ երգեհոնահարութեամբ Սեւան Ակօշեանի։

Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Տիանա Գամբարոսեանի գլխաւորած Գալֆաեան Տան խնամակալութեան անդամները, ինչպէս նաեւ տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ։ Քորոնա համավարակի պատճառաւ տօնախմբութիւնը սահմանափակուած էր միայն Ս. Պատարագով եւ հոգեհանգստեան արարողութեամբ։

Նախքան Տէրունական աղօթքը, Պատրիարք Սրբազան Հայրը քարոզեց ու առաջին հերթին յիշատակեց Գուգարաց թեմի առաջնորդ նորոգ վախճանեալ Սեպուհ Արքեպիսկոպոսը։ Նորին Ամենապատուութիւնը ներկայացուց վախճանեալ հոգեւորականին արժանիքները եւ շեշտեց, թէ անոր գործունէութիւնը յիշարժան պտուղներ թողած է։ Ան, ծնած ըլլալով Մալաթիոյ մէջ, պոլսահայութեան նկատմամբ միշտ ունեցած էր սէր ու յարգանք, ուստի իր վախճանումը մեծ ցաւ պատճառած էր պոլսահայութեան։ Պատրիարք Հայրը ըսաւ, թէ Սեպուհ Սրբազան յատկապէս Գուգարաց թեմէն ներս կը ներկայանար քաջ հովիւի տիպարով եւ այս պատճառաւ իր կեանքը պէտք է ընկալել շահուած կեանք մը։ Ան ապա մեկնաբանեց օրուան սուրբգրական բաժինը եւ երկնային գանձեր դիզելու ձեւը յիշեցուց։ Մարդասիրական ծառայութիւնը եւ ուրիշներու կեանքերէն ներս լոյս դառնալու յաջողութիւնը, շատերս պիտի ուղղէր այս սրբազան նպատակին։ Այս շրջագիծով որպէս օրինակ ներկայացուց Գալֆաեան որբանոցը եւ իր առաքելութիւնը։ Պոլսահայութեան եզակի հաստատութիւններէն Գալֆաեանի նշանաբանը տարիներ շարունակ եղած էր՝ օգնել կարիքաւոր զաւակներուն։ Սրբուհի Մայրապետ Գալֆաեան այս տեսլականով հիմնած էր հաստատութիւնը, ինչպէս նաեւ Գալֆաեան Ուխտի միաբանութիւնը։ Տարիներ առաջ հաստատուած այս հիմքերով Գալֆաեանը մինչեւ այսօր շարունակած է գործել եւ ներկայիս կը շարունակէ իր առաքելութիւնը։ Պատրիարք Հայրը այս առիթով շնորհաւորեց վարժարանի խնամակալութիւնը, տեսչութիւնն ու ուսուցչաց կազմը։

Պատրիարք Հայրը աւելի յետոյ անդրադարձաւ Գալֆաեան Տան խնամակալութեան ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեանի համայնքանուէր ծառայութեան։ Նորին Ամենապատուութիւնը յայտնեց, թէ ծառայութեան գաղափարը լաւագոյնս իւրացուցած համայնքի անդամներէն մին էր Տիանա Գամբարոսեանը ու մարդասիրական գործունէութեանց եւ մշակութային բազում ձեռնարկներու մէջ տասնեակ տարիներ խորհրդանշական դէմքերէն մին դարձած էր։ Իր գնահատելի ծառայութիւնը պէտք էր գնահատուէր եւ այս գնահատանքը ո՛չ միայն զինքը, այլ՝ իր ծառայութիւն մատուցած ժողովուրդը պատուելու համար պիտի ըլլար։ Պատրիարք Հայրը ապա յայտարարեց, թէ Պատրիարքական Աթոռոյ կողմէ գնահատուած է իր երկարամեայ ծառայութիւնը եւ իրեն պիտի շնորհուի «Յովհաննէս Կոլոտ» ոսկեայ շքանշանը։ Ապա Յարութիւն Աբեղան կարդաց Պատրիարքական օրհնութեան գիրը, որմէ յետոյ Պատրիարք Հայրը յանձնեց շքանշանը։

Յաւարտ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ու յիշատակուեցան Գալֆաեան Ուխտի միաբանութեան եւ որբանոցի հիմնադիր հոգեւորականները, Սրբուհի Մայրապետ Գալֆաեանի գլխաւորութեամբ՝ միաբանութեան վախճանեալ մայրերն ու քոյրերը, ինչպէս նաեւ վարժարանի բարերարները, կրթական մշակներն ու սաները եւ Սեպուհ Արք. Չուլճեանը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2020