ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ, Պատրիարքարանի դահլիճի երդիքին տակ ընդունեց Պոլսոյ մէջ համայնքի ծիրէն ներս գործող աշխատանքային խումբերու ներկայացուցիչները։ Նորին Ամենապատուութեան հրաւէրին ընդառաջած էին «Բարի լոյս», «Մեր հայեր», «Միասին» եւ Պատրիարքական Աթոռի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի կողքին գործող երիտասարդաց յանձնախումբը։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։

Ինչպէս ծանօթ է, Նորին Ամենապատուութիւնը նախապէս հանդիպումներ ունեցած էր համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ, այս անգամ փափաքած էր նաեւ հանդիպում մը ունենալ սոյն աշխատանքային խումբերու ներկայացուցիչներուն հետ՝ մօտէն ծանօթանալու առաջադրութեամբ։

Մեր Հոգեւոր Պետը ողջունեց մասնակիցներու ներկայութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց, որ ընդառաջած են իրենց հոգեւոր կեդրոնի հրաւէրին։ Բացատրութիւններ տուաւ մեր համայնքային կառոյցին մասին, մի առ մի ներկայացնելով այն բոլոր պաշտօնական մարմինները, որոնք կը գլխաւորեն համայնքէն ներս կատարուած կրօնական, վարչական, կրթական, բարեսիրական, մշակութային գործունէութիւնները եւ ներկայ խումբերու ներկայացուցիչները հրաւիրեց, որպէսզի իրենց խումբերու առաքելութեան եւ աշխատանքներուն մասին արտայայտուին։

Նորին Ամենապատուութիւնը հետաքրքրութեամբ լսեց տրուած տեղեկութիւնները եւ ծանօթացաւ ցարդ իրենց ունեցած գործունէութեանց։ Ըստ տրուած տեղեկութեանց՝ «Բարի լոյս» խումբը ունի ընկերային գործունէութիւն եւ իրենց կազմութեան առաջին իսկ մէկ օրէն ստեղծուած ընկերային միասնականութիւնը ցարդ կը շարունակէ պահել եւ համացանցային դրութեամբ ունի բազմաթիւ համակիրներ եւ կը հետաքրքրուին կարիք ունեցող անհատներու հետ եւ, ի պահանջել հարկին, անոնց ուղղութիւն կու տան դիմելու պատկան մարմիններուն, որոնց անկ է իրենց հարցերուն լուծում գտնելը։

«Մեր հայեր» խումբը ունի ընկերային օժանդակութեան առաքելութիւն եւ ցարդ օժանդակութիւն կը հասցնէ կարօտ ընտանիքներու կամ անհատներու եւ կամ կրթական ու բարեսիրական հաստատութիւններու։ Իրենց առաքելութիւնը կ՚իրականացնեն քաղաքապետութիւններու եւ բարերար անհատներու ընձեռած օժանդակութեամբ։

«Միասին» խումբը ունի համացանցային դրութեամբ մշակութային գործունէութիւն եւ կ՚օժանդակէ անոնց, որոնք կը փափաքին հայերէն սորվիլ։ Իրենք կը ջանան օգտակար ըլլալ հայերէնի բոլորովին անգիտակ կամ նուազ ծանօթ անհատներու։

Պատրիարքական Աթոռի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի կողքին գործող երիտասարդաց յանձնախումբի ներկայացուցիչները յայտնեցին, թէ իրենց գործունէութիւնը կը ծաւալեն աջակցելով Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբին։

Սրբազան Պատրիարք Հայրը բոլորը լսելէ յետոյ յայտնեց իր գաղափարը։ Ան ըսաւ, թէ որպէս Պատրիարք կ՚ողջունէ համայնքի անդամներուն ուղղեալ աշխատանքները՝ մանաւանդ բարեսիրական նպատակաւ ու կը գնահատէ այս ուղղութեամբ աշխատողները։ Ան թելադրեց, որ ընկերային օժանդակութեանց նպատակաւ տարուած աշխատանքները ունենան պաշտօնական կառոյցներ, որպէսզի կանխուին մանաւանդ նիւթական առումով յառաջանալի թիւրիմացութիւնները։ Բոլորին յայտնեց, թէ Պատրիարքարանը իրենց տունն է եւ կրնան հարկաւոր պարագաներուն այցելել ու նոյնիսկ իրենց խորհրդակցութիւնները ունենալ Պատրիարքարանի երդիքին տակ։ Ինք անձնապէս պատրաստ է ո՛չ միայն հովանաւորելու, այլ նաեւ իր հայրական թելադրութիւններով ուղղութիւն տալու բոլորին։ Նորին Ամենապատուութիւնը գոհունակութիւնը յայտնեց, որ աշխատանքային խումբեր այս հանդիպումին առիթը ունեցան զիրար մօտէն ճանչնալու եւ հաղորդ դառնալու իրենց աշխատանքային դրութեան։

Ներկաներ շնորհակալութիւն յայտնեցին Ամեն. Սրբազան Պատրիարք Հօր, որ հայրական մերձեցումով հրաւիրած է զիրենք ու առիթ ընծայած՝ արտայայտուելու իր գլխաւորութեամբ իրականացած այս հանդիպումին։ Նորին Ամենապատուութիւնը իր կարգին հայրական օրհնութիւնը տալով բարեմաղթութիւններ ըրաւ մօտալուտ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առթիւ։

ԴՊՐՈՒԹԵԱՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ՀԱՒԱՔ

Միւս կողմէ, Պատրիարքական Աթոռը ընդառաջելով մեր եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներու խնդրանքին, ներկայացուած դպրութեան աստիճաններու թեկնածուները հրաւիրած էր ներկայանալ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանին։ Այսպէս, նախընթաց երկոյեան, Նորին Ամենապատուութիւնը ընդունեց բոլորը Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ Պէզճեան սրահին մէջ։ Մեր Հոգեւոր Պետի կողքին էին Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեան, Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան եւ գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Նորին Ամենապատուութեան նախագահութեամբ կայացած հանդիպումը սկսաւ աղօթքով։ Հանգստեան աղօթքով յիշատակուեցան ի Քրիստոս ննջած դպիրները։ Ապա մեր Հոգեւոր Պետը ներկաներուն շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց բերած մասնակցութեան համար։ Հայրական յորդորներով ընդգծեց եկեղեցւոյ սպասաւորներու պատրաստութեան կարեւորութիւնը։ Այս առումով յիշեցուց, թէ դպրաց պատրաստութիւնը ամէն բանէ առաջ դպիրներու հոգեւոր զարգացման ու գիտելիքներով հարստացման միջոց է։ Երբ դպիրներ հաւատքով ու իրենց կատարած արարողութեան իմաստին թափանցելով կը ծառայեն, իրենց համար այդ կ՚ըլլայ իրաւ Աստուածպաշտութիւն, իսկ հակառակ պարագային՝ կը վերածուին մեքենայաբար գործողներու, ինչ որ հոգեւոր առումով ոչ մէկ բան կը շահեցնէ։

Ապա արտայայտուեցաւ Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան, որ տեղեկութիւններ փոխանցեց դպրութեան թեկնածուներու պատրաստութեան ծրագրին մասին եւ ներկաներու նկատառման յանձնեց, թէ Պատրիարքական Աթոռին խնդրանք ներկայացուած է, որպէսզի եկեղեցիներու մէջ ծառայող դպիրներ վարժուին երաժշտական մարզին մէջ, դառնալու համար քաջավարժ երաժիշտներ։ Երաժիշտներու պատրաստութեան համար եւս կը մշակուի յատուկ ծրագիր՝ առաջնորդութեամբ Էտվին Յարութիւն Սրկ. Կալիպեանի։

Նորին Ամենապատուութեան օրհնութեամբ վերջ գտաւ հաւաքը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2021