ԹԱՔՍԻՄ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԸ ՀԱՄԵՐԳ ԿԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԷ

Կը տեղեկանանք, որ Թաքսիմ մարզակումբը ձեռնամուխ եղած է համերգի մը կազմակերպման։ Երէկ, խմբագրատանս մէջ ընդունեցինք մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Կարօ Համամճեանը՝ ընկերակցութեամբ Հռիփսիմէ Քարափեքմէզի, որ կը համակարգէ այս համերգային ծրագիրը։

«Հին Իսթանպուլի ձայները» թրքական դասական երաժշտութեան խումբը պիտի գործադրէ հայ յօրինողներու ստեղծագործութիւններէն բաղկացեալ յայտագիր մը։ Թաքսիմ մարզակումբը կը նախատեսէ մեր համայնքի երաժշտասէրները համախմբել այս ձեռնարկով։ Համերգը տեղի  պիտի ունենայ «Նազըմ Հիքմէթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2018