ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՔՈՐՈՆԱԺԱՀՐ ՆԻՒԹՈՎ ՄԻՋԿՐՕՆԱԿԱՆ ԲԱՆԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՄԸ

Յանուն Ն.Ա.Տ. Սահակ Պատրիարք Սրբազան Հօր, Կրօնական ժողովոյ անդամներէն ու Միջեկեղեցական յարաբերութեանց պատասխանատու Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան, 22 ապրիլ 2020, չորեքշաբթի երեկոյեան, մասնակցեցաւ բանախօսութեան մը, որ կը կազմակերպուէր միջկրօնական երկխօսութեան ծիրէն ներս։ Սոյն հանդիպումը տեղի ունեցաւ հեռակայ դրութեամբ։

Բանախօսութեան մասնակիցներն էին, կարգաւ՝ Իսթանպուլի փոխ-միւֆթի Ճանէր Աքտեմիր, Շեֆիք Ճան, Միջազգային Մեւլանա կրթութեան ու մշակոյթի հիմնարկի ատենապետ Հայաթ Նուր Արթըրան, Ալեւի մտածման օճախի ատենապետ Տողան Պերմէք, Թուրքիոյ Ասորի կաթողիկէ քորեպիսկոպոս Օրհան Չանլը, Մեւլանայի 22-րդ պորտէն թոռն ու Միջազգային Մեւլանա հիմնարկի փոխ-ատենապետ Էսին Չելեպի Պայրու, Թուրքիոյ Քաղդէացւոց արքեպիսկոպոս Ռեմզի Կարմու, իմաստասէր ու Վատիկանի մօտ Թուրքիոյ նախկին դեսպան փրոֆ. տքթ. Քենան Կիւրսոյ, յանուն Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ վիճակաւորի՝ Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, Էմմանուէլ Պայպըլ Հաուզ բողոքական եկեղեցւոյ հովիւ տքթ. Պեհնան Քոնութկան, յանուն Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթողոմէոս Յունաց Պատրիարքի՝ Եաքովոս սարկաւագ Քրոչաք, Գերման Աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ Կապրիէլ Փաչէ, Իսթանպուլի Լատին կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ Ռուբէն եպիսկոպոս Թիէրապլանքա եւ յանուն Թուրքիոյ Ն.Ա.Տ. Սահակ Պատրիարք Սրբազան Հօր՝ Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան։ Իւրաքանչիւր բանախօս արտայայտուեցաւ քորոնաժահրի համաճարակի ու ազդեցութեան մասին եւ փոխանցեց իր պատգամը։ Թուրքիոյ Հրէից խախամապետ ռաւ Իսհաք Հալեւայի, իր բացակայութեան պատճառաւ, ընթերցեց բանախօսութեան ղեկավար Հ. Քլոտիօ Մոնկէ։

Տ. Տրդատ Ա. Քահանան հեռակայ բանախօսութեան ընթացքին ըսաւ, թէ պէտք ունինք այս ժխտական ժամանակներուն մէջ իսկ գտնել դրական երեւոյթներ։ Տէր հայրը յիշեցուց նաեւ Տէր Յիսուս Քրիստոսի «Տալ աւելի մեծ երջանկութիւն է քան առնել» խօսքը ու շնորհակալութիւն յայտնեց այս ժամանակաշրջանին մէջ ծառայող պետական աւագանիին, համայն առողջապահական աշխատակազմին եւ բոլոր աշխատաւորներուն։

Սոյն բանախօսութեան տեսաերիզը պիտի հրապարակուի յառաջիկայ օրերուն։ 

Ուրբաթ, Ապրիլ 24, 2020