ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՓԱՌԱՏՕՆ

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տարեվերջի խրախճանքը առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։ Թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլքքան» սրահին մէջ նախընթաց օր այս ծրագիրը կեանքի կոչուեցաւ՝ մինչ աշակերտները ծափահարութիւններու արժանացան իրենց ելոյթներով։ Ճոխ յայտագիրը բաղկացաւ երգերէ, պարերէ, թատերակներէ եւ այլ ելոյթներէ։

Հուսկ, տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։

Ուրբաթ, Մայիս 24, 2024