ՏԻԱՐՊԱՔԸՐԻ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ ՍԿՍԵԼՈՒ ՎՐԱՅ Է

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Էրկիւն Այըքն ու գործակից ընկերները։ Հարկ է յիշեցնել, որ այս եկեղեցւոյ ընդարձակ համալիրը երկար ժամանակէ ի վեր անմխիթար վիճակի մատնուած է՝ յայտնի պատճառներով։ Ծխական խորհուրդը, Պատրիարքական Աթոռին ալ խրախուսանքով, յարատեւ որոնումներու մէջ գտնուած է՝ վերանորոգութիւնը ապահովելու առաջադրութեամբ։

Երէկուան հանդիպման ընթացքին վարչայինները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղեկացուցին, որ Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ բարեկարգումէն վերջ, մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը վերջերս որոշած է 5 միլիոն թրքական լիրա յատկացնել՝ այս անգամ տեղւոյն Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ վերականգնման համար, որ եւս պաշտամունքի փակ կը գտնուի անմխիթար վիճակի մատնուած ըլլալով։ Այսպէսով Տիարպաքըրի երկու սրբավայրերու պարագային առկայ ցաւալի վիճակի վերջ գտնելու հորիզոնը ուրուագծուած է։

Ծխական խորհուրդի անդամները Նորին Ամենապատուութեան նկատառման յանձնած են, որ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ վերականգնման ու բարեզարդման աշխատանքներու ծրագիրը արդէն իսկ մշակուած է։ Հաշուի առնելով, որ գործնական աշխատանքը շուտով պիտի սկսի՝ ծխական խորհուրդի անդամները փափաքած էին ստանալ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը։ Անոնք ծրագրած են, որ յառաջիկայ յունիսի 13-ին Նորին Ամենապատուութեան հանդիսապետութեամբ պաշտօնապէս սկիզբ առնէ վերականգնման աշխատանքը։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուրախութիւն յայտնեց այս իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ եւ շնորհաւորեց ծխական խորհուրդի հետեւողական աշխատանքը։ Ան խոստացաւ իր հայրական խրախուսանքը եկեղեցաշէն ու աստուածահաճոյ այս նախաձեռնութեան համար։

Ուրբաթ, Մայիս 24, 2024