ԱՂԹԱՄԱՐԻ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Ծանօթ է, թէ Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ տարին մէկ անգամ Ս. Պատարագ կը մատուցուի, սեպտեմբեր ամսուան առաջին կամ երկրորդ կիրակիին։

Այս տարի Ս. Պատարագը պիտի մատուցուի 6 սեպտեմբեր 2020,  Խաչվերացի տաղաւարի Բարեկենդանի կիրակիին՝ նախագահութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հօր։

Նկատի ունենալով քորոնա համավարակի պարագան, պատկան իշխանութեանց հետ խորհրդակցաբար որոշուած է, որ այս տարի Ս. Պատարագը պիտի մատուցուի դռնփակ եւ եկեղեցւոյ մէջ պիտի գտնուին միայն Նորին Ամենապատուութեան գլխաւորութեամբ արարողութեան մասնակից հոգեւոր հայրերը, Ս. Սեղանի սպասաւորներն ու դպրաց խումբը։ Ս. Պատարագի արարողութիւնը պիտի սփռուի Պատրիարքական Աթոռի կայքէջէն։

Նոյն օրը, 11.00-14.00 ժամերուն միջեւ, դէպի կղզի մակոյկի սպասարկութիւնը պիտի ջնջուի եւ կղզին փակ պիտի մնայ այցելուներու առջեւ։

Ուստի, այս պարագան կարեւորութեամբ կը յիշեցնենք, որպէսզի Ս. Պատարագի մասնակցութեան համար որեւէ ձեւով ուխտագնացութեան խումբեր չկազմուին եւ կամ ուխտաւորներ անհատական միջոցներու չդիմեն, քանի կարելիութիւն պիտի չունենան ի ժամ Ս. Պատարագի կղզի գտնուելու։

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 24, 2020