ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԲՈՂՈՔԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Թուրքիոյ Բողոքականներու միութեան վարչութեան ներկայացուցիչները, որոնց կարգին էին ատենապետ Ալի Քալքանտելէնի գլխաւորութեամբ՝ անդամներէն Պեհնան Քոնութկան, Վահան Իսաօղլու, Սոնէր Թուֆան եւ ընդհանուր քարտուղար Ումութ Շահին։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքարանի լուսարարապետ եւ դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Միջեկեղեցական-միջկրօնական բաժանմունքի տեսուչ Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան։

Հիւրերը սոյն քաղաքավարական այցելութեամբ շնորհաւորեցին Նորին Ամենապատուութեան ընտրութիւնը։ Սիրալիր մթնոլորտի մը մէջ անցաւ հանդիպումը, որու ընթացքին այցելուները յայտնեցին, թէ Պատրիարք Հայրը ծանօթ է միջեկեղեցական յարաբերութեանց կարեւորութիւն ընծայող հոգեւոր առաջնորդի տիպարով։ Այս առիթով անոնք փոխյարաբերութեանց կարեւորութիւնը շեշտելով՝ յաջողութիւն մաղթեցին մեր Հոգեւոր Պետին եւ յուշանուէր մը յանձնեցին անոր։

Իր կարգին, Նորին Ամենապատուութիւնն ալ բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց այցելութեան ու բարեմաղթութեանց համար։ Պատրիարք Հայրը այս առիթով շեշտեց երկխօսութեանց կարեւորութիւնը եւ ուրախութիւն յայտնեց, թէ ժամանակի ընթացքին կուտակուած որոշ անհամաձայնութիւնները տակաւ առ տակաւ լուծման փուլին հասած են։ Պատրիարք Հայրը գահակալութեան արարողութեան յուշադրամէն օրինակ մը նուիրեց այցելուներուն եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 24, 2020