ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆԻ ՀԱՃԵԼԻ ԱՅՑԸ
Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու երիտասարդ կրթական մշակ Արեւիկ Պապայեանը։ Բոլոր անոնք, որոնք Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի կեանքին, մանաւանդ մանկապարտէզի առօրեային տեղեակ են՝ վերջին շրջանին կ՚ողջունեն Արեւիկ Պապայեանի ներկայութիւնը։ Արդարեւ, ան Հայաստանէն եկած է քաղաքս եւ կրթական ասպարէզին նուիրուած՝ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի երդիքին տակ։ Արեւիկ Պապայեան յաջողած է կարճ ժամանակի ընթացքին գրաւել բոլորին սիրտը։ Իր հաղորդական նկարագրով եւ նուիրեալ աշխատանքով արժանացած է համընդհանուր գնահատանքի։ Դպրոցի վարիչներէն սկսեալ մինչեւ ծնողները իր հետ հաստատած են դրական կապ մը՝ ականատես ըլլալով այն ջերմ վերաբերմունքին եւ հոգածութեան, զորս Արեւիկ Պապայեան ցոյց կու տայ իրենց զաւակներուն նկատմամբ։
Խմբագրատան մեր զրոյցին ընթացքին առիթն ունեցանք անձամբ հաղորդ դառնալու իր դրական բնաւորութեան, նաեւ հնարաւորինս ծանօթացանք իր իտէալներուն՝ որպէս երիտասարդ կրթական մշակ։ Արցախցի ընտանիքի մը դուստրն է Արեւիկ Պապայեան, որ ծնած է Ստեփանակերտի մէջ եւ ունի նաեւ եղբայր մը։ Երեւանի Պետական համալսարանէն ներս ան ուսանած է թրքագիտութիւն։ Այսինքն, մասնագիտութեամբ թրքագէտ է, սակայն ներկայիս քաղաքիս մէջ կ՚աշխատի որպէս օգնական մանկապարտիզպանուհի։ Ամուսնութեան բերումով իր կեանքի ճանապարհը զինքը առաջնորդած է Իսթանպուլ։ Ան Երեւանի մէջ ծանօթացած է իր ներկայ ամուսնոյն՝ Արի Քենտիրլիի հետ եւ այդ միասնականութեան հիման վրայ ալ՝ հաստատուած է քաղաքս։
Արեւիկ Պապայեան ջերմ զրոյցի ընթացքին մեզի հետ բաժնեց իր հետաքրքրական դիտարկումները՝ մեր կրթական կեանքին, համայնքի հայապահպանութեան խնդիրներուն եւ ընդհանրապէս Իսթանպուլի մէջ հասարակութեան կենցաղին շուրջ։ Երիտասարդ կրթական մշակ մը ըլլալու առընթեր, իր խորքայնութեամբ ան նաեւ երիտասարդ մտաւորական մըն է։ Թէեւ կարճ ժամանակէ ի վեր կը գտնուի քաղաքիս մէջ, սակայն ամէն ինչ ընկալած է խորաթափանց, բնականաբար որպէս թրքագէտ՝ իր մասնագիտութիւնն ալ իրեն կը նպաստէ այդ ճանապարհին վրայ։ Իրեն համար հաճելի նորութիւն մը դարձած է նաեւ արեւմտահայերէնի հետ շփումը։ Օգտուելով համայնքէն ներս ընձեռուած հնարաւորութիւններէն՝ ան կը ջանայ հնարաւորինս ընտելանալ այս ուղղութեամբ։ Այս ամբողջին մէջ ան կը հետեւի նաեւ մեր մամուլին եւ խմբագրատունս տուած այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի ան ամբողջական պատկերացում մը կազմէ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի մասին։