ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍ
Մխիթարեան վարժարանը տուն դարձաւ Սրբոց Թարգմանիչ վարդապետներու ոգեկոչման հադիսութեան: Ձեռնարկին ներկայ էին Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան հայրեր՝ Մագ. Հ. Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէն, Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան եւ Ոսկեբերան եկեղեցոյ հովիւ եւ Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի նէրկայացուցիչ Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, Մատակարար մարմնի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Արման Գամառի, ուսուցիչներ, աշակերտներ եւ հոծ թիւով ծնողներ:
Օրուան խօսնակներն էին ԺԱ. դասարանէն Թալիա Այվազ եւ Սարին Ինան:
Հանդիսութեան սկիզբը ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ միջնակարգի տնօրէնուհի Էլտա Գարակէօզեան, որ ամփոփեց սոյն հանդիսութեան կազմակերպումի բուն նպատակը: Վարժարանի ուսուցիչները եւ աշակերտները փափաքած էին յիշատակել Ս. Մեսրոպ Մաշտոցը, Ս. Սահակ Պարթեւ Հայրապետը եւ իրենց օգնականները: Անոնք ուզած էին երախտագիտութեան իրենց տուրքը վճարել: Անոնց շնորհիւ է որ դարերու տեւողութեան կը գոյատեւէր հայը, իր հետ կրելով մշակութային հսկայ ժառանգութիւն մը: «Անմահ ըլլան ու միշտ խայտան անոնց հոգիները, լսելով մեր սիրասուն զաւակներուն շրթներէն մեր գեղեցիկ հայերէնը» խօսքերով տնօրէնուհին աւարտին հասցուց իր ելոյթը: Ապա ան բեմը յանձնեց լիկէոնէն խումբ մը աշակերտներու, որոնք անդրադարձան այդ անմահ անուններուն կատարած մեծ գործին կարեւորութեան: Աշակերտները կարճ ակնարկ մը նետեցին Ոսկեդարուն, Աստուածաշունչի թարգմանութեան և թարգմանիչներու սերունդին վրայ: Յետոյ միջնակարգէն խումբ մը աշակերտներ պտոյտ մը կատարեցին մեր գրական անդաստանէն ներս՝ տեսնելու համար, թէ մեր անմահ գրագէտները ինչպէս փառաբաներ են մեր մայրենի լեզուն:
Իսկ նախակրթութեան ուսուցչաց կազմի համատեղ աշխատութեամբ բեմադրուեցաւ թատերախաղ մը, որուն մէջ դեր ստանձնած էին նախակրթութեան անխտիր բոլոր աշակերտները: Թատերախաղը համեմուած էր մեր մայրենիին նուիրուած երգերով եւ հայկական պարերով:
Յայտագրի աւարտին իր սրտի խօսքը արտասանեց Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, որ բարձր գնահատելով տղոց եւ ուսուցիչներուն տարած աշխատանքը, յայտնեց իր գոհունակութիւնը բեմին վրայէն փոխանցուած պատգամներուն եւ հանդիսատեսներուն ականջներուն հասնող մեր անոյշ լեզուին նկատմամբ: Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան սրտանց շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը բերած էին սոյն գեղեցիկ հանդիսութեան: Վարդապետը սրտանց շնորհաւորեց նաեւ բոլոր ծնողները, որոնք իրենց թանկագին ներկայութիւնը բերած էին ձեռնարկին եւ իրենց զաւակները խրախուսած էին իրենց մայրենին ապրեցնելու ուղղութեամբ: Տղոց եւ ուսուցիչներու հանդէպ շնորհաւորական խօսքով մը հանդէս եկաւ նաեւ Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, որ յայտնեց իր գոհունակութիւնը այսպիսի հանդիսութեան մը ներկայ ըլլալէ: Իր խօսակցութեան մէջ Հայր Վարդան նշեց, թէ իւրաքանչիւր տղու դէմքէն կարելի էր կարդալ հայու ոգին եւ այս մէկն ալ խիստ կարեւոր է հայ ազգին տեւականացման տեսակէտէ:
Երբ իր աւարտին հասաւ հանդիսութիւնը, բոլոր տղոց, ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն դէմքերէն կը կարդացուէր մեր լեզուի եւ մեր գիրերու կերտիչներուն նկատմամբ երախտագիտական տուրք մատուցած ըլլալու սրտի անբացատրելի բաւարարութիւնը: Ինչպէս որ մատնանշած էր Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, Մխիթարեանի յարկին տակ տղաքը փոքր տարիքէն կը թրծուէին հայաշունչ ոգիով եւ հետագային անոնք է որ տէր պիտի կանգնէին այդ անգին աւանդին, այդ անփոխարինելի ժառանգութեան: